Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ գումարեց շաբաթական իր հերթական նիստը, որուն աւարտին նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Ռապիէի դռները բաց են բոլորին առջեւ:
«Համախմբումը պիտի չհանգստանայ, մինչեւ որ լիբանանցի ժողովուրդը գիտնայ, թէ ո՞վ է կամ որո՞նք են իր հարստութիւնը կողոպտողները», ընդգծեց Ժրայսաթի: Անդրադառնալով ապօրինի համացանցին` Ժրայսաթի ըսաւ, որ այս հարցը կը վերաբերի նախ եւ առաջ նոյնինքն այս ցանցի պատկան վարիչներուն: