Պուրճ Համուտի Մէջ Լումայափոխ Մը Զոհ Գնաց Աւազակային Խարդախութեան
Պուրճ Համուտի լումայափոխներէն 60-ամեայ Ժորժ Միշել Սալիպի երկուշաբթի զոհ գնաց աւազակութեան, երբ իրեն ծանօթ երկու ուքրանացիներ դիմեցին իրեն` խնդրելով հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի գումարը փոխարինել եւրոյով: Սալիպի, որ այդ պահուն անհրաժեշտ գումարը չունէր, փոխ առաւ զայն Լիբանանի Լումայափոխներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Սրուրէն: Սակայն գումարի փոխանցման գծով խօսակցութեան ընթացքին, ուքրանացիներէն մէկը յաջողած էր եւրոյի գումարը «գրպանել» եւ յայտարարել, թէ կ՛ուզեն այլ...


















