ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ազգային սնտուկի (Տաման) պաշտօնեաներու սենտիքան եօթնօրեայ գործադուլ յայտարարեց իր բոլոր կեդրոններուն մէջ` 18 ապրիլէն սկսեալ:
ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը իր կարգին երեքշաբթի, 19 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:00-ին բողոքի ցոյց մը պիտի կազմակերպէ` պահանջելով աշխատավարձերու հարցը իբրեւ օրակարգի առաջին կէտ նկատի ունենալ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին: