Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայեացքները Սեւեռած Կը Մնան Քաղաքական Ու Ապահովական Հարցերու Լուծման Ճիգերուն Վրայ

Ապրիլ 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Թամմամ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ

Շաբաթասկիզբի հայեացքները ուղղուած են քաղաքական, ապահովական, ընկերային եւ տեղեկատուական մարզերուն ուղղութեամբ, ուր մէկէ աւելի հրատապ հարցեր անմիջական կարգաւորումի կը կարօտին, ինչպէս` քաղաքապետական ընտրութիւններու կայացման կարելիութիւնները, երկրի եւ յատկապէս օդակայանի ապահովութեան հարցը, աղբակոյտերու թղթածրարը, տեղեկատուական ապօրինի ցանցերու օգտագործումը եւ այլն:

Քաղաքական գետնի վրայ հայեացքները սեւեռած են Գահիրէէն ետք Թուրքիոյ վրայ, ուր վարչապետ Թամմամ Սալամ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Իսլամական երկիրներու համագումարին եւ ուր հաւանական կը նկատուի վարչապետին հանդիպումը կարգ մը արաբ ղեկավարներու եւ պատասխանատուներու, ինչպէս` Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ: Այս գծով կողմեր հարց կու տան Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին մասին` նշեալ համագումարի աւարտին հրապարակուելիք հաղորդագրութեան գծով: Նշենք, որ Լիբանան քրիստոնեայ նախագահով միակ երկիրն է, որ պիտի մասնակցի այս ժողովին եւ ուր լիբանանեան արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը կրնայ վերապահ (կամ դէմ) գտնուիլ համագումարի հաղորդագրութեան մէջ Հըզպալլային ակնարկող հաւանական կեցուածքի մը գծով:

Նոյնքան կարեւորութեամբ հայեացքները սեւեռած են յառաջիկայ շաբաթավերջին, երբ կը նախատեսուի, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Լիբանան այցելէ եւ երկրի վարիչներուն հետ քննէ հրատապ կարգ մը հարցեր, ինչպէս` նախագահական ընտրութիւնն ու երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդման հրամայականը:

Հոլլանտի այցելութեան կարեւորութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի այն մեկնաբանութեանց լոյսին տակ, ըստ որոնց, նախագահական ընտրութիւնը առ այժմ առկախուած է` սպասելով շրջանային թէ միջազգային կարեւոր ժամկէտներու իրագործման արդիւնքներուն, ինչպէս` Սուրիոյ գծով Ժընեւի բանակցութիւնները, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները եւ այլն:

Կողմերը այս եւ նման ժամկէտներու իրականացման արդիւնքներուն լոյսին տակ կ՛ուզեն ճշդել իրենց կեցուածքները` մեկնելով նոր դասաւորումներու բերումով յառաջանալիք արեւելումներէն:

Քաղաքապետական ընտրութեանց գծով, հակառակ կարգ մը կողմերու մօտ տիրող անորոշութեան` ընտրութեանց կայացման կամ յետաձգման գծով, ընտրական նախապատրաստական քայլերը արդէն իսկ սկսած են զանազան շրջաններու մէջ եւ այս գծով շփումները, քուլիսային թէ բացայայտ հանդիպումներով, կը շարունակուին:

Ընտրութիւնները կայացնելու վճռակամ կողմերը անոնց մէջ կը տեսնեն նախափորձը յառաջիկայ այլ ընտրութեանց (նախագահական եւ երեսփոխանական):

Իսկ անոնք, որոնք կը տարակուսին, հարց կու տան, թէ ընտրական ի՞նչ օրէնքի հիման վրայ պիտի ըլլան անոնք, եւ կը պահանջեն ընտրական արդի օրէնքի որդեգրումը:

Այս ու նման կեցուածքներու լոյսին տակ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը վերահաստատեց քաղաքապետական ընտրութեանց կայացման որոշումը` նշելով, որ ան որ առարկութիւն ունի այս գծով, թող խորհրդարան դիմէ:

Ապահովական իմաստով, վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ նախագահեց ապահովական բնոյթի աշխատանքային նիստի մը երկրի` յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան ամրապնդման միտող քայլերու ծիրին մէջ:

Պաշտպանութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու ու ներքին գործոց նախարարներու եւ ապահովական պատկան կառոյցներու պատասխանատուներու մասնակցութեամբ գումարուած ժողովի աւարտին, հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած է համացանցի ապօրինի օգտագործման հարցը` ընդգծելով, որ «այս հարցը պիտի հետապնդուի եւ յանցագործները պիտի պատժուին:

Այս իմաստով այսօր` երեքշաբթի նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստի գլխաւոր օրակարգի կէտերէն կը նկատուի օդակայանի ապահովութեան հարցը:

Ընկերային իմաստով եւս քաղաքացիներու ուշադրութիւնը գրաւեց աղբակոյտերու վերացման զուգահեռ կենսոլորտային ապառողջ մթնոլորտի շեշտաւորումը:

Իսկ տեղեկատուական գծով նոյնքան մտահոգութիւն պատճառեց լիբանանեան կարգ մը արբանեակային կայաններու պատկերասփռումի ընդհատումը:

Նախորդը

Ըստ Երեսփոխան Ֆատլալլայի. «Մանար» Կայանը Օրինազանց Որեւէ Քայլ Չէ Առած

Յաջորդը

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Վարչապետ Սալամին Տեղեկացուցին Արցախեան Տագնապի Նորագոյն Զարգացումներուն Մասին

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?