Սմահա Դատապարտուեցաւ 13 Տարուան Բանտարկութեան Եւ Զրկուեցաւ Քաղաքացիական Իր Իրաւունքներէն
Զինուորական ատեանը երէկ նախկին նախարար Միշել Սմահայի դէմ արձակեց իր վերջնական վճիռը, որուն լոյսին տակ Սմահա դատապարտուեցաւ տաժանակիր աշխատանքով 13 տարուան բանտարկութեան` զրկուելով քաղաքացիական իր բոլոր իրաւունքներէն, ինչպէս նաեւ գրաւուեցան անոր բոլոր ինչքերն ու գումարները եւ փոխանցուեցան լիբանանեան բանակին: Վճիռին մէջ նշուեցաւ, որ Սմահա դատապարտուած է լիբանանեան հողերուն վրայ թէ երկրէն դուրս զինեալ խմբաւորումներ ունենալու, քաղաքացիներ, հոգեւորականներ եւ երեսփոխաններ սպաննելու,...

















