Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Կացութիւնը` Լիբանանցի Լրագրողներու Ակնոցով

Ապրիլ 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրէ ետք «Վանայ Ձայն» հարցազրոյցներ կատարեց ՀՅԴ Քարոզչական տեղեկատու գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Արցախ գործուղուած լրագրական խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին էին «Էմ. Թի. Վի.», «Էլ. Պի. Սի.» եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներ` Ժոել Քոզէյլի, Էտմոն Սեսին եւ Նաուալ Պըրրի:

Joelle_Artsakh1_40816

Լեռնային Ղարաբաղ իր գործուղման մասին հարցումի մը պատասխանելով «Էմ. Թի. Վի.» կայանի լրագրող Ժոել Քոզէյլի յայտնեց, որ ինք Արցախ հասած է երեքշաբթի, 5 ապրիլին` զինադադարի յայտարարութեան օրը:

«Նոյն օրն իսկ այցելեցի հիւանդանոց եւ ծանօթացայ երկու վիրաւոր երեխաներու, որոնք վիրաւորուած էին սահմանամերձ շրջանի դպրոցներէն մէկուն բակին մէջ` ազրպէյճանական ռմբակոծումներուն պատճառով: Ասիկա արդէն կը նշանակէ, որ ազրպէյճանական ուժերը ռմբակոծումի թիրախ կը դարձնեն ոչ միայն զինուորները, այլեւ` քաղաքայինները: Յաջորդ օր ուղղուեցանք սահմանամերձ շրջան, հիմնականին մէջ Թալիշ գիւղը, որ Ազրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւններուն առաջին թիրախը դարձած էր եւ քանդումի ենթարկուած: Գիւղ ներթափանցած ազրպէյճանցի զինուորներ վայրագ կերպով սպաննած էին երեք ծերունիներ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը օր մը ետք ազատագրած էր Թալիշը», ըսաւ ան:

Քոզէյլի յայտնեց, որ հայկական ուժերը բարձր տրամադրութեամբ, կազմ ու պատրաստ կը հսկեն սահմանը` ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ որեւէ յարձակում ետ մղելու նպատակով:

«Երբ Թալիշ կը գտնուէինք, ազրպէյճանական ուժերը դարձեալ ռմբակոծեցին շրջանը` խախտելով զինադադարը», ըսաւ ան:

Քոզէյլի շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան տրամադրութիւնը եւս բարձր է եւ բոլորը պատրաստ են կամաւոր դառնալու ու մասնակցելու իրենց հողին պաշտպանութեան: «Շատ ազդեցիկ է այս մթնոլորտը եւ կարելի չէ ուրիշ բան ընել, բացի հիանալէ այս ժողովուրդին վրայ, որ պատրաստ է ամէն գնով պաշտպանելու իր հողը», շեշտեց ան:

Ժոել Քոզէյլի աւելցուց, որ Արցախի մէջ կեանքը սովորական կ՛ընթանայ` գիտնալով հանդերձ, որ զինադադարը դիւրաբեկ է եւ Ազրպէյճանին կարելի չէ վստահիլ:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ ցուցաբերուած համահայկական զօրակցութիւնը եւս իր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ արցախահայութեան տրամադրութիւնը բարձր պահելու իմաստով:

Ժոել Քօզէյլի յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները աւելի մօտէն կը հետեւին Լեռնային Ղարաբաղին` ըմբռնելով անոր տագնապին իսկութիւնը:

Edmond_Sessine_40816

«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Էտմոն Սեսին յայտնեց, որ ինք անցեալ տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շրջագիծին մէջ այցելած է Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն` աւելցնելով, որ երբ իմացած է ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ բռնկած բախումներուն մասին, վայրկեան մը իսկ չէ վարանած Արցախ գործուղուելու եւ ուղղակի ճակատէն հաղորդումներ կատարելու իմաստով:

«Ինծի համար հայ ժողովուրդը արժանի է բիւր յարգանքի, որովհետեւ անոր դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը դար մը ետք չէ կրցած յաղթել իրեն կամ խոցել անոր յիշողութիւնը: Երբեք չեմ զարմանար, երբ տեսնեմ, թէ հայ կամաւորները ինչպէ՛ս կը հասնին Արցախի օգնութեան: Երբ ամբողջ հարիւրամեակ մը ժողովուրդի մը յիշողութիւնը առոյգ կը մնայ, անկարելի է, որ ան մոռնայ քառորդ դար առաջ նոյն հողին համար զոհուած իր հազարաւոր նահատակները: Այս յիշողութեամբ ժողովուրդ մը կրնայ յաղթանակել, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները», շեշտեց Սեսին:

Ան նշեց, որ Ստեփանակերտի մէջ տիրող իրավիճակը զգլխիչ է, բոլորը եկած են օգնելու Ղարաբաղին, նոյնիսկ անոնք, որոնք զինավարժութեան չեն հետեւած, բայց հասած են Արցախ եւ իրենք զիրենք դրած արցախցիին տրամադրութեան տակ` որեւէ կերպով օժանդակելու համար:

«Լեռնային Ղարաբաղի գեղեցկութիւնը հմայիչ է, կլիման` ցուրտ, իսկ ժողովուրդը` իր հողին կառչած: Եթէ լիբանանցիին յիշողութիւնը հայուն նման ըլլար, մենք Լիբանանի մէջ մենք զմեզ կը սրբագրէինք եւ մեր հարցերը կը լուծէինք», ըսաւ Սեսին:

Ան շեշտեց, որ ինք կը փափաքի դարձեալ այցելել Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ, սակայն այլ պայմաններու մէջ, ուր կեանքը իսկապէս գեղեցիկ է:

nawal_berri_40816

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Նաուալ Պըրրի մաղթեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ զինադադարը կը շարունակուի` առանց յաւելեալ խախտումներու եւ լայնածաւալ դէպքերու վերածուելու, որովհետեւ խաղաղութիւնը կարեւոր է եւ ոչ պատերազմը:

«Իսկապէս որ հայերը հայրենասէր կը ծնին: Անոնք պատրաստ են Երեւանէն ուղղուելու Արցախ եւ պաշտպանելու իրենց հողը` ետ մղելով հակառակորդը», շեշտեց ան:

Պըրրի յայտնեց, որ ուղղակի հմայիչ է Երեւանի մթնոլորտը` յատկապէս կամաւորներուն եւ արցախցի ժողովուրդին օժանդակելու իմաստով:

Նշենք, որ լրագրական այլ խումբերու գործուղումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն ընթացքին` մեկնելով լիբանանեան հանրային կարծիքին անհրաժեշտ պարզաբանումները  կատարելու եւ լիբանանեան ու ընդհանրապէս արաբական մամուլին մէջ հարցերու առարկայական արձագանգում ապահովելու նպատակէն:

 

Նախորդը

«Ստեփանակերտ Անօդաչու Թռչող Սարք Ուղարկելը Համանախագահներու Այցելութեան Օրերուն Ազրպէյճանի Կողմէ Ահաբեկչութիւն Է» Շեշտեց Դաւիթ Բաբայեան

Յաջորդը

Զինուորներու Դիակներու Յայնաբերում` Շփման Գիծին Վրայ

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?