Երէկ ուշ գիշերին վերջ գտաւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի միջեւ երկխօսութեան 27-րդ նիստը` ներկայութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալայի քաղաքական օգնական Հաժ Հիւսէյն Խալիլի, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքէն` ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի եւ երեսփոխան Սամիր Ժըսրի: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ժողովականները շեշտեցին պետութեան եւ անոր կառոյներուն դերակատարութեան ամրապնդումը` միաժամանակ անհրաժեշտ նկատելով օրէնսդիր ժողովներու գումարումը:
Փտածութեան եւ ազգային հարցերու քննարկման զուգահեռ, ժողովականները կարեւոր նկատեցին հասկացողութեան յանգումը` ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին: