Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասնամեակներ Ետք. Լիբանանի Տխրահռչակ Պատերազմի Վէրքերը Տակաւին Կ՛արիւնին

April 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

baderazm-1-41216

ՍԻԼՎԱ Գ.

13 ապրիլ 2016, թուական մը, որ կամայ թէ ակամայ պատմական տխուր էջ մը կը յիշեցնէ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ: Ու այսօր, 13 ապրիլ 1975-էն քառասնամեակ մը ետք, ահաւոր այդ օրերու սարսափները նոյնքան մղձաւանջային են վերապրողներու յիշողութեան մէջ: Պատերազմի օրերուն 17 հազար անյայտ կորսուածներու ճակատագիրը անբուժելի սպիներ թողած է անոնց հարազատներու սրտին վրայ: Փորձեր կը կատարուին անոնց «Տի. Էն. Էյ.»-ի պահպանման, թերեւս… օր մը հեռաւոր անկիւնէ մը յայտնուին անոնք կամ անոնց հետքերը:

Անյայտ մեկնողներու թղթածրարը օրինակ մըն է սրտաճմլիկ այդ դէպքերուն թողած անբաղձալի աւանդէն նահատակներ, նիւթական հսկայական աւերներ ու կորուստներ, երազներու խարխափումներ:

Հանգրուանային կերպով, աշխարհագրական թափով թաւալած ու լիբանանցիները ցնցած 17-ամեայ պատերազմը «առկախուած» էր հոկտեմբեր 1990-ին, Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքին մէջ «պարտադրուած» համաձայնագիրով:

Պարտադրուած` այո՛, որովհետեւ օրուան շրջանային ուժերու ներկայացուցիչներ լիբանանեան պատերազմի իշխանները «արգելափակեցին» Թաէֆի մէկ պալատին մէջ` արգիլելով անոնց մեկնումը, նախքան այս «սեւ էջ»-ի փակումը:

Այսօր լիբանանցիք նոյնքան կարիքը ունին Թաէֆի մը, որ սակայն պէտք է վերամրապնդէ Լիբանանի համակեցութեան առաքելութիւնը, ո՛չ ի հեճուկս այս կամ այն կողմի իրաւունքներուն…

Փաստօրէն, պատերազմը կանխած դէպքերը գրեթէ կրկնուեցան տարբեր պիտակներու տակ: Երէկ պաղեստինցի զինուորական պատասխանատուի մը ահաբեկումը կը յիշեցնէր 18 յունուար 1975-ին, դարձեալ Հարաւի ուղղութեամբ, պաղեստինեան դատին համակիր, բայց լիբանանցի ղեկավարի մը` Մաարուֆ Սաատի ահաբեկումը, անկախ թէ ի՛նչ դրդապատճառի, շարժառիթի կամ պիտակի տակ: Էականը երկպառակութեան հրահրումն էր:

Աւելին, ահաբեկումի անմիջական արձագանգներուն մէջ ակնյայտ են այն մտավախութիւնները, թէ Թուրքիա – Սէուտական Արաբիա – Եգիպտոս մերձեցման գինը պիտի «գանձուի» Լիբանանի գաղթակայաններէն:

Ու ճիշդ ա՛յս մտավախութենէն կը զգուշացնէր երէկ ահաբեկուած պաղեստինցի ղեկավար` Ֆաթհի Մուսթաֆա Զէյտան (ծանօթ` Զորօ անունով)` շեշտելով պաղեստինեան գաղթակայաններու, յատկապէս` Այն Հլուէի եւ Միէումիէի ապահովութեան միջոցառումներու ամրապնդումը:

Փաստօրէն լիբանանեան արիւնալի դէպքերով նշուող այդ պատերազմը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ շրջանային հրատապ հարցերու լուծման «գինը»: Չէ՞ որ ամէն «քայլ» իր գինը ունի… 1978-ին Եգիպտոսի օրուան նախագահ Անուար Սատաթ պատմական «քայլ»-ով Երուսաղէմ կ՛երթար, եւ անոր «գինը» Լիբանանի փողոցներուն մէջ արիւնահեղութեամբ կը հատուցուէր…

Ներկայիս ալ շրջանը նոյնքան եռեւեփող հրատապ հարցերու ռազմադաշտի վերածուած է, արաբական այսպէս կոչուած «գարուն»-էն մինչեւ մերօրեայ ենիչերիներու սանձարձակ «սխրանքները»:

Սակայն լիբանանցիք վճռած են իրենց վէրքերը ամոքել դատապարտումով ու ինքնազսպումի կոչերով, որպէսզի պատմութիւնը ինքզինք չկրկնէ:

Ու եթէ Լիբանանի տխրահռչակ այդ արհաւիրքին փորձառութենէն դասեր պէտք է քաղել, ապա պահը եկած է դարձեալ չիյնալու նոյն ծուղակին մէջ ու գործիք չդառնալու մեծերու «խաղերուն»:

Ու հոս իսկ է մարտահրաւէրը… Պատերազմին լիբանանեան «պիտակ» տուած պայմանները` ընկերային անհաւասարութիւն, դաւանական իրաւազրկում, առանձնաշնորհումներու նուազում, քաղաքական երկփեղկումներ, անգործութիւն, այլ խօսքով` ազդակները տակաւին առկայ են եւ անլոյծ, սակայն տրամադրութիւնները, չըսելու համար ախորժակները…

 

 

Նախորդը

Խնդրայարոյց Հարցերը Յետաձգելով Յառաջիկայ Նիստին` Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Ընթացիկ Նիստ Մը

Յաջորդը

«Ղարաբաղեան Տագնապը Խիստ Վտանգաւոր Է Միացեալ Նահանգներուն Համար» Ըսաւ Մեթիու Պրայզա

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

January 15, 2026
Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու
Լիբանանեան

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

January 15, 2026
Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»
Լիբանանեան

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.