Կեդրոնական դրամատունը երէկ յայտարարեց, որ երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2016-էն սկսեալ շրջանառութեան կը դնէ հազար եւ 50 հազար լիբանանեան ոսկիի թղթադրամներ:
Կեդրոնական դրամատան հաղորդագրութիւնը յստակացուց, որ նոր թղթադրամները «պաշտպանուած են» արհեստագիտական արդիական նորագոյն հմտութիւններով կանխարգիլելու համար կեղծումի որեւէ փորձ: