Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երկու անջատ շրջաբերականներով պաշտօնական արձակուրդ յայտարարեց: Առաջին շրջաբերականով արձակուրդ յայտարարուեցաւ ուրբաթ, 29 ապրիլին, յոյն ուղղափառ համայնքի Աւագ ուրբաթ օրուան առիթով:
Երկրորդ շրջաբերականով Սալամ պաշտօնական արձակուրդ յայտարարեց երկուշաբթի, 2 մայիսին` Աշխատաւորներու օրուան առիթով: