Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Լիբանան Կը Պատրաստուի «Հիւրընկալել» Ֆրանսայի Նախագահը. Հայեացքները Սեւեռած Են Դէպի Պոլիս

April 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Salam_41316

Այն միջոցին, երբ Լիբանան կը պատրաստուի ընթացիկ շաբաթավերջին «հիւրընկալել» Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը, լիբանանեան քաղաքական ու դիւանագիտական հայեացքները սեւեռած են Թուրքիոյ ուղղութեամբ, ուր մեկնեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան` գլխաւորելով լիբանանեան պատուիրակութիւնը:

Հայեացքները սեւեռած են Պոլիս, ուր կը գումարուի Իսլամական համագործակցութեան 13-րդ վեհաժողովը եւ ուր վարչապետ Սալամ պիտի արտասանէ Լիբանանի «խօսքը», որուն բովանդակութիւնը կ՛անդրադառնայ շրջանի ու Լիբանանի կայունութեան եւ որ կեցուածք պիտի ճշդէ Հըզպալլան «ահաբեկչական» կազմակերպութիւն նկատելու հակող վեհաժողովի հաղորդագրութեան նկատմամբ: Նմանապէս վարչապետ Սալամ Լիբանանի կեցուածքը պիտի փոխանցէ վեհաժողովին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան եւ յատկապէս վերջին դէպքերուն գծով Ազրպէյճանի կողմէ հակահայ մէկ յայտարարութեան որդեգրումի հաւանականութեան, առնչութեամբ: Այս գծով Սալամի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան մասնակից` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ,  Լիբանանի թէ Թուրքիոյ մէջ դիւանագիտական քուլիսային խորհրդակցութիւններ կ՛ունենան` կանխարգիլելու նման յայտարարութեանց որդեգրումը վեհաժողովի հաղորդագրութեան բանաձեւումին մէջ:

Միւս կողմէ, դիւանագիտական այլ եռուզեռ կը տիրէ նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր շաբաթավերջին կը սպասուի Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի այցելութիւնը: Այս գծով Ֆրանսայի դեսպան Էմմանուէլ Պոնի կողքին, դիւանագիտական խորհրդակցութեանց ձեռնակած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Ճոնզ, որ անջատ այցելութիւններ տուաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ լիբանանցի այլ պատասխանատուներու: Նաեւ հոս նշենք ամերիկացի դիւանագէտ Ճէյմս Օպրայընի Լիբանան հասնիլը Տուպայէն, երէկ երեկոյեան:

Նմանապէս Սուրիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանները անջատաբար հանդիպումներ ունեցան լիբանանցի վարիչներու հետ` վերահաստատելով իրենց երկիրներուն զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կայունութեան ամրապնդման նկատմամբ` իւրաքանչիւրը իր երկրին դիտանկիւնէն:

Իսկ Բրիտանիոյ դեսպանը այցելեց պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի: Անոնք միասնաբար քննեցին լիբանանեան բանակի զինուորական կարիքները:

Նախորդը

Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ. Պըրրի Շեշտեց Վարչամեքենայի Հաստատութեանց Եւ Կառոյցներու Աշխուժացման Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Պիտի Յանձնարարէ «Քննարկել Եւ Ստորագրել» Ռուսական Զէնքի Մատակարարման Համաձայնագիրները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.