Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին: Ողջոյնի իր բացման խօսքով վարչապետ Սալամ վերստին շեշտեց նախագահական ընտրութեան կայացման հրամայականը, որ «պիտի վերաշխուժացնէ երկրին սահմանադրական կառոյցներուն գործունէութիւնը»:
Աւելի քան երեք ժամ տեւած խորհրդակցութեանց եւ քննարկումներուն ընթացքին, վարչապետ Սալամ նպատակայարմար գտաւ խնդրայարոյց կարեւոր մէկ թղթածրարին` Պետութեան անվտանգութեան կառոյցի «փտածութեան» հարցին շուրջ տարակարծութեանց բռնկեցումի պատրոյգը յետաձգել կառավարութեան յաջորդ նիստին:
Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժըրէյժ ժողովի աւարտին յայտնեց, թէ յետ քննարկումի, կառավարութիւնը ընդառաջած է շինարարական կարգ մը ծրագիրներու եւ շեշտը դրած Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան ամրապնդման ծառայող քայլերու գործադրութեան կարեւորութեան վրայ: