
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ծոցի երկիրներու դեսպանները եւ այս առիթով վերահաստատեց Լիբանանի բարեկամութիւնը Ծոցի երկիրներուն հետ: Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց «այդ մթնոլորտը պղտորած անցողակի մշուշ»-ին համար:
Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի դեսպաններու ներկայութեան արտասանած իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը ըսաւ. «Պէտք է պահենք ու նախանձախնդիր ըլլանք 1400 տարուան քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան մեր գանձին, որ հակառակ դիմակալած դժուար պայմաններուն, մնաց փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ», շարունակեց Ռայի պատրիարքը` անընդունելի նկատելով արտօնել ամէն բանի աւերման շարունակութիւնը:
Իր կարգին, Քուէյթի դեսպան Ապտէլ Աալ Քինաայի շեշտեց Ծոցի երկիրներու եւ յատկապէս Քուէյթի բարեկամութեան յարատեւումը Լիբանանի հետ` դիտել տալով, որ «ոչ մէկ լիբանանցի անարդարօրէն չէ վտարուած Ծոցի շրջանէն»:


