Լիբանանեան

Քաուք. «Հաւատադրժողական  Ահաբեկչութեան Դէմ  Պիտի Շարունակենք Պատերազմիլ»

Քաուք. «Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան Դէմ Պիտի Շարունակենք Պատերազմիլ»

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ սէուտական վարչակարգին երազն է սուրիական վարչակարգը տապալել` քաղաքական եւ զինուորական առումով, սակայն այդ երազը երբեք կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել, որովհետեւ սուրիական վարչակարգը փաստեց իր զօրութիւնը եւ այն, որ Սէուտական Արաբիա չի կրնար այդ վարչակարգը տապալել, ինչքան ալ ան զէնք մատակարարէ ահաբեկիչներուն եւ որքան որ ալ օգտուի դիւանագիտութենէն: Շէյխ Քաուք հաստատեց, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը հաստատեց, որ լուսանցքայնացումի քաղաքականութիւնը խիստ մերժելի է` միաժամանակ հաստատելով, որ փողոց իջնելու նախաձեռնութիւնը վտանգաւոր է: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ ոչ ոք կ՛անդրադառնայ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու վտանգին: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ այս հանգրուանին բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու...

«Կառավարութեան Նիստը  Քրիստոնեաները Թիրախ Դարձուցած Է»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կառավարութեան Նիստը Քրիստոնեաները Թիրախ Դարձուցած Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լաւ կ՛ըլլար, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան գումարելիք նիստը յետաձգէր: «Կառավարութեան նիստը քրիստոնեաները թիրախ դարձուցած է, որովհետեւ օրինականութեան ըմբռնումը կ՛ենթադրէ բոլոր համայնքներուն գործակցութիւնը: Կառավարութեան նիստէն բացակայեցան հիմնական տարրեր, հայութիւնը ամբողջութեամբ բացակայ էր այդ նիստէն` նկատի ունենալով, որ միակ հայ նախարարը`...

Այն Թինէի Մէջ.   «Նիստերը Պոյքոթի Ենթարկելը  Ժողովրդավարական Արարք Մը Չէ»   Շեշտեց Սլէյման

Այն Թինէի Մէջ. «Նիստերը Պոյքոթի Ենթարկելը Ժողովրդավարական Արարք Մը Չէ» Շեշտեց Սլէյման

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սլէյման շեշտեց, որ Պըրրիի հետ խորհրդակցութիւնները առաւելագոյն չափով կարեւոր են` նկատի ունենալով անոր չափաւորականութիւնը: Զօր. Սլէյման նշեց, որ քննարկած են կառավարութեան եւ պետական պաշտօնեաներուն, յատկապէս զինուորական նշանակումներուն վերաբերող հարցեր: «Երկրին մէջ օրինականութեան չգոյութիւնը վերածուած է մնայուն հարցի,...

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Նիստը ՀՅԴ-ի,  Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Փաղանգաւոր  Կուսակցութիւններու Նախարարներուն Բացակայութեան

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Նիստը ՀՅԴ-ի, Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութիւններու Նախարարներուն Բացակայութեան

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: ՀՅԴ-ի, Ազգային ազատ հոսանք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարները նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստէն նախարար Արթիւր Նազարեանի բացակայութիւնը նիստին օրինականութիւնը կը խոցէ` նկատի ունենալով, որ ան կառավարութեան միակ հայ նախարարն է: Իր կարգին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ...

Սաատ Հարիրի Էրտողանի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան  Հարցն Ու Սուրիոյ Տագնապը

Սաատ Հարիրի Էրտողանի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Հարցն Ու Սուրիոյ Տագնապը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան հասաւ Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցն ու Սուրիոյ տագնապը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հարիրի զօրակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ, թուրք ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան` խստիւ դատապարտելով կատարուած զինուորական յեղաշրջումի ձախող փորձը: Նշենք, որ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ:...

Պուրճ Համուտի Աղբանոցին  Վերաբացումը Մերժող Ցոյց

Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը Մերժող Ցոյց

Քաղաքացիական ընկերութեան հրաւէրով խումբ մը քաղաքացիներ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հաւաքուեցան Տորայի հրապարակ, ուրկէ ուղղուեցան Պուրճ Համուտի աղբերու մթերման փակուած վայրը: Անոնք մերժեցին Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը եւ պահանջեցին կենսոլորտային առողջ լուծումներ ապահովել` լուծելու համար աղբի տագնապին հարցը:  

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական  Յանձնախումբը Ապօրինի Համացանցի  Թղթածրարը Պիտի Քննարկէ 20 Սեպտեմբերին

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Պիտի Քննարկէ 20 Սեպտեմբերին

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա նախագահեց յանձնախումբի նիստին, ներկայութեամբ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, ինչպէս նաեւ դատախազներ Ալի Իպրահիմի եւ Մարուան Քարքապիի: Նիստէն ետք Ֆատլալլա շեշտեց, որ յանձնախումբին համար կարեւոր է լուծել ապօրինի համացանցի թղթածրարը` հաստատելով, որ խորհրդարանը դատական իշխանութիւններուն աշխատանքներուն միջամուխ չի դառնար, այլ` կը խնդրէ...

«Լիբանանեան Քաղաքացիութիւնը Կը  Փափաքինք  Շնորհել Արտերկրի Լիբանանցիներուն  Եւ Ոչ Թէ Սուրիացիներուն Ու Պաղեստինցիներուն»   Շեշտեց Պասիլ

«Լիբանանեան Քաղաքացիութիւնը Կը Փափաքինք Շնորհել Արտերկրի Լիբանանցիներուն Եւ Ոչ Թէ Սուրիացիներուն Ու Պաղեստինցիներուն» Շեշտեց Պասիլ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր Պուսթրոս պալատին մէջ յայտարարեց լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու ազգային արշաւը: Ձեռնարկին ընթացքին ան շեշտեց, որ այդ ծրագիրը կարելի չէ իրականացնել առանց ազգային արշաւի մը, որուն կը մասնակցին Լիբանանը բաղկացնող բոլոր կողմերը: Պասիլ յայտնեց, որ այս ծրագիրը ոչ ոքի համար նուաճում կը նկատուի` աւելցնելով, որ եթէ անոր շուրջ ազգային միասնականութիւն կարելի...

ՀՅԴ-ի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան  Որոշումը Սկսաւ Գործադրուիլ.  «Պուրճ Համուտ Չի Կրնար Հանդուրժել Նոր  Աղբակոյտի Մը Ստեղծումը, Երբ Տակաւին Մէկ  Աղբակոյտ Կարելի Չէ Եղած Վերացնել»  Կ՛ըսէ Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ-ի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Որոշումը Սկսաւ Գործադրուիլ. «Պուրճ Համուտ Չի Կրնար Հանդուրժել Նոր Աղբակոյտի Մը Ստեղծումը, Երբ Տակաւին Մէկ Աղբակոյտ Կարելի Չէ Եղած Վերացնել» Կ՛ըսէ Երեսփոխան Բագրատունի

  Պուրճ Համուտի մէջ աղբերու ընդունումը առկախելու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան որոշումը երէկ առաւօտեան սկսաւ գործադրուիլ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանները փակեցին դէպի աղբի մթերման վայրը տանող ճամբան: Ի տես այս իրականութեան, «Սուքլին» աղբահաւաքման ընկերութիւնը տեղեակ պահեց Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդը, թէ ինք պիտի չկարենայ աղբերը փոխադրել դէպի աղբի ժամանակաւոր մթերման վայրը: Այս որոշումը տալու եւ զայն...

«Պիտի Շարունակեմ Ստանձնել Ազգային  Պատասխանատուութիւններս»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Պիտի Շարունակեմ Ստանձնել Ազգային Պատասխանատուութիւններս» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց երկրորդական վարժարանները գերազանց արդիւնքով աւարտած աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութեան մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանին ընթացքին, ինք պիտի շարունակէ ստանձնել իր ազգային պատասխանատուութիւնները: «Մենք երկրին ներկայացուցած պետական կառոյցին պահակներն ենք եւ այդ դիրքին վրայ ալ պիտի մնանք: Պիտի չնահանջենք, պիտի չտկարանանք եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց պիտի չթուլնանք», հաստատեց Սալամ: Վարչապետ Սալամ...

Պըրրի Վարչապետ Սալամին Հաստատեց  Կառավարութեան Աշխատանքը  Շարունակելու Իր Համոզումը

Պըրրի Վարչապետ Սալամին Հաստատեց Կառավարութեան Աշխատանքը Շարունակելու Իր Համոզումը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստին վերաբերող հարցեր: Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ վարչապետ Թամմամ Սալամէն, որուն հաստատեց, որ ինք համոզուած է կառավարութեան աշխատանքը շարունակելու առումով: Պըրրի ընդգծեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նախարարները ներկայ պիտի գտնուին նախարարաց խորհուրդին գումարելիք այսօրուան նիստին`...

Մուքպել Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Բանակին  Տրամադրուելիք Ամերիկեան  Զինուորական Օժանդակութիւնները

Մուքպել Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Բանակին Տրամադրուելիք Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնները

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ռիչըրտ գնահատեց լիբանանեան բանակը` դրուատելով ահաբեկչութեան դէմ տոկալու անոր երկար շունչը: Իր կարգին, Մուքպել շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընին` լիբանանեան բանակին անոր տրամադրած զինուորական օժանդակութեան համար: Մուքպել ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի...

Նախարար Քազզի Կոչ Ուղղեց  Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Նախարար Քազզի Կոչ Ուղղեց Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի երէկ այցելեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթերի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հարաժելի կարիքները: Հանդիպումէն ետք Քազզի շեշտեց, որ կառավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը` շեշտելով, որ նախարարաց խորհուրդի նիստին մասնակցող իւրաքանչիւր քրիստոնեայ նախարար քրիստոնեայ նախարար է: Քազզի հաստատեց, որ օրինականութեան մասին ո՛վ որ խօսիլ կ՛ուզէ, պէտք է նախագահական ընտրութիւն կատարէ:...

Ռաատ. «Նախագահական Աթոռը Թափուր  Պիտի Մնայ, Այնքան Ատեն Որ Որդեգրուելիք  Գործելաձեւին Շուրջ Համախոհութիւն Չկայ»

Ռաատ Կոչ Կ՛ուղղէ Յետաձգելու Կառավարութեան Այսօրուան Նիստը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին յետաձգելու կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ եւ հաղորդակցութիւններ կատարել նախարարաց խորհուրդի անդամներուն հետ` տարակարծութիւնները փարատելու նպատակով: Ռաատ յայտնեց, որ իր պահանջը ուղղակիօրէն կապուած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներուն կողմէ կառավարութեան նիստին մասնակցութեան առումով կատարուելիք պոյքոթին ունենալիք հետեւանքներուն:

Զօր. Քահուաժի Նախագահեց Հոլանտական  Իշխանութիւններուն Հետ  Գործակցութեան Ժողովի Մը

Զօր. Քահուաժի Նախագահեց Հոլանտական Իշխանութիւններուն Հետ Գործակցութեան Ժողովի Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ նախագահեց հոլանտական իշխանութիւններուն հետ զինուորական եւ քաղաքացիական գործակցութեան յատուկ ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հոլանտական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Սոմսըն Հեսթեր: Նիստին ընթացքին զօր. Քահուաժի ներկայացուց լիբանանեան բանակին արձանագրած յաջողութիւնները` ահաբեկչութեան դէմ մղած անոր պայքարին շրջագիծին մէջ: Միւս կողմէ, Եարզէի մէջ զօր. Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները շարունակեն իրենց երկխօսութիւնը եւ փոխադարձ զիջումներ կատարեն: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է Լիբանանի ներքին եւ արտաքին հարցերու լուծման: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Ուատի Խալետի մէջ փակեց Լիբանան-Սուրիա երթեւեկի երկու ապօրինի անցքեր: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ յառաջիկայ...

Պահանջելով Ծրագիրի Ամբողջական Գործադրութիւնը`  Կ՛առկախուի Աղբերու Ընդունումը Պուրճ Համուտի Մէջ

Պահանջելով Ծրագիրի Ամբողջական Գործադրութիւնը` Կ՛առկախուի Աղբերու Ընդունումը Պուրճ Համուտի Մէջ

  Երէկ երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր գումարած նիստին ընթացքին որոշեց ցնոր տնօրինութիւն առկախել աղբերու ընդունումը Պուրճ Համուտի մէջ յատկացուած յատուկ հողամասին վրայ, ուր պիտի կառուցուի տեսակաւորուած աղբի թափօններու թաղման վայրը, եւ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: Հաղորդագրութիւն 17 յուլիս 2015-ին Նաամէի աղբանոցին փակումով Լիբանան մուտք գործեց մութ փակուղի մը, երբ Նաամէի աղբանոցը փակուեցաւ, առանց աղբերու հարցը լուծելու յստակ այլընտրանքներու: Աղբի...

Պըրրի Անհեթեթ Կը Նկատէ Երկրին Քաղաքական  Տագնապին Արտաքին Լուծման Սպասելը

Պըրրի Անհեթեթ Կը Նկատէ Երկրին Քաղաքական Տագնապին Արտաքին Լուծման Սպասելը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց կրթական շարք մը հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Անթոնիօ Հաշեմը: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի անհեթեթ նկատեց Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին արտաքին լուծման սպասելու դրութիւնը: Ան շեշտեց, որ պէտք է լիբանանեան ջանքերով լուծել այդ տագնապը` առանց...

«Կառավարութեան Վաղուան Նիստը Պոյքոթի  Պիտի Ենթարկենք` Օրինազանցութեան Դէմ  Իբրեւ Զգուշացում»  Ըսաւ Պասիլ

«Կառավարութեան Վաղուան Նիստը Պոյքոթի Պիտի Ենթարկենք` Օրինազանցութեան Դէմ Իբրեւ Զգուշացում» Ըսաւ Պասիլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր երկիրը ամբողջական անիշխանութեան մատնել, այդ պատճառով ալ աշխատած են կառավարութեան ստանձնած պարտականութիւնները ճիշդ հունի մէջ զետեղել, ինչ որ իր կարգին իրենց վնաս պատճառած է: «Մենք ստանձնեցինք այնպիսի պատասխանատուութիւններ, որոնց հետ...

Page 806 of 986 1 … 805 806 807 … 986

Արխիւներ