Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Եւ Իպրահիմի Հետ  Քննարկեց Ապահովական Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Եւ Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու...

Եարզէի Մէջ.   «Լիբանանեան Բանակին Յստակ Եւ Համեստ  Պահանջները Կարելի Է Գոհացնել»   Շեշտեց Քաակ

Եարզէի Մէջ. «Լիբանանեան Բանակին Յստակ Եւ Համեստ Պահանջները Կարելի Է Գոհացնել» Շեշտեց Քաակ

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որ յայտնեց, թէ քննարկած են լիբանանեան բանակին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ Լիբանանի ապահովութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Քաակ գնահատեց Մուքպելի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատարին դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ լիբանանեան բանակին յստակ եւ համեստ պահանջները կարելի է գոհացնել: Իր կարգին, Մուքպել...

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթներուն Պայթումին  Յիշատակին Առիթով Մաշնուք Ուղղուեցաւ Թրիփոլի

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթներուն Պայթումին Յիշատակին Առիթով Մաշնուք Ուղղուեցաւ Թրիփոլի

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ուղղուեցաւ Թրիփոլի` Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին յիշատակին առիթով: Մաշնուք այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի: Թրիփոլիի Տար Ֆաթուային մէջ Մաշնուք հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ  Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին մասին ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իր հետաքննութիւնները կատարած է եւ ճշդած այդ պայթումին...

Մուսթաքպալ Պլոք. «Երկրին Հարցերը  Լուծելու Հիմքն Ու Առաջնահերթութիւնը  Նախագահական Ընտրութիւնն Է»

Մուսթաքպալ Պլոք. «Երկրին Հարցերը Լուծելու Հիմքն Ու Առաջնահերթութիւնը Նախագահական Ընտրութիւնն Է»

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ պլոքին համաձայն, երկրին հարցերը լուծելու հիմքն ու առաջնահերթութիւնը կը նկատուի նախագահական ընտրութիւնը, ապա ընտրական նոր օրէնքի մշակումն ու անոր հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը` յարգելով սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականը: Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ ինք քաղաքական այն ուժերէն է, որոնք կը պահանջեն երեսփոխանական ընտրութիւն...

Զօր. Վոթըլ Կը Խոստանայ Լիբանանեան  Բանակին Մնայուն Գործակիցը Ըլլալ

Զօր. Վոթըլ Կը Խոստանայ Լիբանանեան Բանակին Մնայուն Գործակիցը Ըլլալ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլը` ընկերակցութեամբ զինուորական պատուիրակութեան մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կատարուած ամերիկեան օժանդակութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները ամրապնդած են լիբանանեան բանակին կարողութիւնները,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ յանձնախումբերու միացեալ նիստը, որ պիտի քննարկէր վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան վերաբերող հարցեր, յետաձգուեցաւ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն տրամադրութիւնները իմանալէ ետք ինք չէ զգացած, որ ընտրական օրէնք մը մշակելու իմաստով կրնայ որոշ խախտում մը արձանագրել: ՄԱԶԱՐԵՀ Շեպաայի մէջ երէկ լսուեցան պայթումներ, որոնք հետեւանք էին իսրայէլեան ուժերուն կատարած ռազմափորձերուն: Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը շարունակեց...

«Աղմկելէ Հեռու Կատարուած Լուռ  Եւ Հանդարտ Աշխատանքը  Աւելի Արդիւնաւէտ Կրնայ Ըլլալ»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Աղմկելէ Հեռու Կատարուած Լուռ Եւ Հանդարտ Աշխատանքը Աւելի Արդիւնաւէտ Կրնայ Ըլլալ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Պուրճ Համուտի մէջ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի կառուցման իմաստով Փաղանգաւոր կուսակցութեան ցուցաբերած մերժողական կեցուածքին եւ անոր կողմէ գործադրուող նստացոյցին մասին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ աղմկելէ հեռու կատարուած լուռ եւ հանդարտ աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ: «Բոլորս լաւ կը յիշենք, որ անցեալ տարի...

Քաղաքացիական Ընկերութեան Անդամները  Կատարեցին Նստացոյց Մը` Փակելով Ճամբաներ  Եւ Քարկոծելով Ապահովութեան Ուժերը

Քաղաքացիական Ընկերութեան Անդամները Կատարեցին Նստացոյց Մը` Փակելով Ճամբաներ Եւ Քարկոծելով Ապահովութեան Ուժերը

Քաղաքացիական ընկերութեան անդամները, որոնք 22 օգոստոսի 2015-ի մեծ ցոյցէն տարի մը ետք վերադարձած են փողոց, երէկ երեկոյեան նստացոյց մը կատարեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ: Ցուցարարները շեշտեցին, որ իրենք կը մերժեն երկրին մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը, փտածութիւնը եւ ապրուստի դժուարութիւնները: Անոնք նախ եւ առաջ փակեցին դէպի Ռիատ Սոլհ հրապարակ տանող դրամատուներու փողոցը, ապա հաւաքուեցան հրապարակին վրայ եւ քարկոծեցին ապահովութեան ուժերը: Աւելի...

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Ներկայ Գտնուելու  Իմամ Մուսա Սատըրի Յիշատակին  Նուիրուած Հաւաքին

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Ներկայ Գտնուելու Իմամ Մուսա Սատըրի Յիշատակին Նուիրուած Հաւաքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ներկայ գտնուելու իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի յիշատակին նուիրուած հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ, չորեքշաբթի, 31 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ամալ շարժումին կազմակերպութեամբ: Պըրրի հաղորդագրութեան մէջ հաստատեց, որ հաւաքը պիտի ըլլայ առիթ մը վերահաստատելու լիբանանեան հողերը իսրայէլեան բռնագրաւումէն...

Վարչապետ Սալամ Գերմանացի Նախարարի Մը  Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Սալամ Գերմանացի Նախարարի Մը Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ տնտեսական եւ բարգաւաճման գործակցութեան պետական նախարար Ֆրիտրիչ Քիցչըլթը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները: Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի, որ...

Բանակը Խուզարկեց Սուրիական  Գաղթակայանները Եւ Ձերբակալեց  Օրինազանցներ

Բանակը Խուզարկեց Սուրիական Գաղթակայանները Եւ Ձերբակալեց Օրինազանցներ

Լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան խուզարկեց Շաաթի եւ հիւսիսային Պեքաայի սուրիական գաղթակայանները, ուր ձերբակալեց 60 օրինազանցներ, որոնք առանց օրինական փաստաթուղթերու մուտք գործած էին Լիբանան: Բանակը գրաւեց նաեւ մոթորսիքլեթներ: Միւս կողմէ, «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու ղեկավարի որդին` պաղեստինցի Ապտալլա Թուֆիք Թահա (Ծնեալ` 1995-ին), Սայտայի կառավարական հիւանդանոցին մօտ անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան: Երեկոյեան լիբանանցի Մուսթաֆա Խալետ Աֆարա, որ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն է,...

Ֆաթհալի. «Շրջանին Մէջ Բռնկած Պատերազմներն  Ու Գործուող Արիւնահեղութիւնը  Կը Ծառայեն Իսրայէլի Շահերուն»

Ֆաթհալի. «Շրջանին Մէջ Բռնկած Պատերազմներն Ու Գործուող Արիւնահեղութիւնը Կը Ծառայեն Իսրայէլի Շահերուն»

Իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի երէկ շեշտեց, որ Իսրայէլի նպատակը Եփրատէն Նեղոս հսկայ պետութեան մը ստեղծումն է` ընդգծելով, որ իրենք համոզուած են, թէ այդ նպատակը տակաւին ի զօրու է: Ան շեշտեց, որ արաբական եւ իսլամական շրջանին մէջ այսօր բռնկած բոլոր պատերազմները, ինչպէս նաեւ իսլամականութիւն ձեւացնող ահաբեկչական եւ հաւատադրժողական բոլոր...

Պաալպեքի Մէջ.  «Լիբանան Կարիքը Ունի  Յաւելեալ Զօրակցութեան»  Շեշտեց Սիկրիտ Քաակ

Պաալպեքի Մէջ. «Լիբանան Կարիքը Ունի Յաւելեալ Զօրակցութեան» Շեշտեց Սիկրիտ Քաակ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ նախանցեալ գիշեր ներկայ գտնուեցաւ Պաալպեքի փառատօնին, որմէ ետք հանդիպում մը ունեցաւ փառատօնը կազմակերպող մարմիններուն հետ` ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի: Հանդիպումէն ետք Քաակ շեշտեց, որ ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին` աւելի լաւ ապագայի մը համար, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը ամրապնդելու...

Նաամէ Մահֆուտ Կոչ Ուղղեց  Սենտիքայական Հանդիպումի

Նաամէ Մահֆուտ Կոչ Ուղղեց Սենտիքայական Հանդիպումի

Սեփական դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական դասակարգը փաստած է, թէ իրեն համար լիբանանցիներուն շահերը առաջնահերթութիւններ չեն, այլ միայն քաղաքական անձնաւորութիւններու անձնական շահերը: «Քաղաքական անձնաւորութիւնները հանգիստ են նախագահական թափուր աթոռի դրութեամբ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին ժողով չգումարելով», ըսաւ Մահֆուտ: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ աղքատութիւնը աւելի եւս շեշտուած է, եւ կոչ ուղղեց վաղն իսկ սենտիքայական...

Այն Հելուէի Մէջ Ապահովական Նիստ

Այն Հելուէի Մէջ Ապահովական Նիստ

Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան ապահովական գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սուպհի Ապու Արապ երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պաղեստինցի պատասխանատուներ, որոնց շարքին` Այն Հելուէի պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ ապահովական ոչ մէկ գործողութիւն պիտի կատարուի` սկսեալ Այն Հելուէ գաղթակայանէն մինչեւ անոր շրջակայքը: Անոնք հաստատեցին նաեւ, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սալամ եւ Թաքուա մզկիթներուն դէմ գործուած պայթումներուն յիշատակին նախօրեակին պէտք է ընդգծել, թէ Թրիփոլին է՛ եւ կը մնայ համերաշխութեան եւ չափաւորականութեան խորհրդանիշը, որքան որ ալ փորձեն զայն այլ կերպով ներկայացնել: ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները,...

Խէյրի Պաշտօնավարութեան  Երկարաձգումէն Ետք Հերթը  Զօր. Քահուաժիինն Է

Խէյրի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումէն Ետք Հերթը Զօր. Քահուաժիինն Է

Զինուորական նշանակումներուն գծով այս շաբաթ վճռական շաբաթ մը պիտի ըլլայ Լիբանանի համար: Այս շրջագիծին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել մէկ տարիով երկարաձգեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի պաշտօնավարութիւնը: Շատ հաւանաբար այս որոշումին յաջորդէ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` նկատի ունենալով, որ նման որոշում մը այլեւս կը նկատուի անհրաժեշտութիւն մը: Պէտք է նշել,...

Բանակը Ռմբակոծեց Ահաբեկիչներուն  Դիրքերը, Կատարեց Ձերբակալումներ  Եւ Վնասազերծեց Ական Մը

Բանակը Ռմբակոծեց Ահաբեկիչներուն Դիրքերը, Կատարեց Ձերբակալումներ Եւ Վնասազերծեց Ական Մը

Լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը: Բանակի շրջուն ջոկատ մը երէկ կէսօրէ ետք վնասազերծեց ական մը, որ զետեղուած էր Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրիի բնակարանէն 150 մեթր անդին: 4 քկ պայթուցիկ նիւթ բովանդակող ականին մասին Հուժէյրի յայտնեց, որ անիկա Արսալի բնակիչները թիրախ կը դարձնէ: Հուժէյրի կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան եւ ապահովական կառոյցներուն...

«Ֆուատ Սինիորա Պատասխանատու Է Յուլիսեան  Պատերազմի Տեւողութեան Երկարելուն»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Ֆուատ Սինիորա Պատասխանատու Է Յուլիսեան Պատերազմի Տեւողութեան Երկարելուն» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Լիբանանի դէմ յուլիսեան պատերազմի 10-ամեակին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ այդ պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան վրայ տեղաց Իսրայէլի կողմէ արաբական երկիրներուն դէմ բոլոր պատերազմներուն ընթացքին օգտագործուած հրթիռներէն շատ աւելին: Ան հաստատեց, որ Իսրայէլ այդ պատերազմը սանձազերծած էր շրջանային եւ միջազգային որոշումով, եւ անոր նպատակն էր Դիմադրութիւնը ճզմել:...

Ռիֆի. «Ո՛չ Մէկ Զէնք, Արկածախնդրութիւն  Կամ Սպառնալիք Կրնայ Մեզ Վախցնել»

Ռիֆի. «Ո՛չ Մէկ Զէնք, Արկածախնդրութիւն Կամ Սպառնալիք Կրնայ Մեզ Վախցնել»

Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին յիշատակին առիթով  արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շաբաթավերջին իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իսլամական հոգեւորականներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` շէյխ Զաքարիա Մասրիի եւ ընկերակցութեամբ` խորհուրդի նախկին նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհիի եւ Սալամ մզկիթի իմամ շէյխ Պիլալ Պարուտիի: Հանդիպումէն ետք Ռիֆի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական անձնաւորութիւնները տարակարծիք են քաղաքական հարցերու շուրջ, սակայն...

Page 807 of 986 1 … 806 807 808 … 986

Արխիւներ