Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Որոշումը Սկսաւ Գործադրուիլ. «Պուրճ Համուտ Չի Կրնար Հանդուրժել Նոր Աղբակոյտի Մը Ստեղծումը, Երբ Տակաւին Մէկ Աղբակոյտ Կարելի Չէ Եղած Վերացնել» Կ՛ըսէ Երեսփոխան Բագրատունի

Օգոստոս 25, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Hagop-Pakradounian_2416

Պուրճ Համուտի մէջ աղբերու ընդունումը առկախելու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան որոշումը երէկ առաւօտեան սկսաւ գործադրուիլ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանները փակեցին դէպի աղբի մթերման վայրը տանող ճամբան:

Ի տես այս իրականութեան, «Սուքլին» աղբահաւաքման ընկերութիւնը տեղեակ պահեց Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդը, թէ ինք պիտի չկարենայ աղբերը փոխադրել դէպի աղբի ժամանակաւոր մթերման վայրը:

Այս որոշումը տալու եւ զայն գործադրելու առնչութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հարցազրոյցներ տուաւ «Էմ. Թի. Վի.», «Օ. Թի. Վի.», «Ժատիտ» եւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայաններուն:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ եթէ Պուրճ Համուտի մէջ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրը ստեղծելու կառավարութեան ծրագիրը իբրեւ ամբողջութիւն համապարփակ կերպով կարելի պիտի չըլլայ գործադրել, ապա անիկա կը նշանակէ Պուրճ Համուտի մէջ աղբի կուտակումը, ինչ որ կարելի չէ հանդուրժել եւ կտրականապէս մերժելի է:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ թափօններու թաղման կասեցումը կը նշանակէ օրական 1400-1500 թոն աղբի կուտակում, այսինքն` շաբաթական տասը հազար թոն աղբ: «Պուրճ Համուտը չի կրնար հանդուրժել այդ քանակը եւ նոր աղբակոյտի մը ստեղծումը ընդունիլ, երբ տակաւին մէկ աղբակոյտը կարելի չէ եղած վերացնել: Այս առումով պատասխանատու են կառավարութիւնը, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդը, խոստում տուող կողմերը, որոնք յստակ ժամկէտներ ճշդած էին աղբի տեսակաւորման եւ թափօններու պատրաստութեան գործարաններու հաստատման ու վերաշինութեան», ըսաւ ան:

28575717774_8c9b8ddff2_c

Ան նշեց, որ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայր մը ստեղծելու աշխատանքներուն կասեցումը կը նշանակէ, թէ մենք աղբի մթերման ժամանակաւոր վայրին մէջ կը մերժենք աղբ ընդունիլ եւ այդ աղբը կուտակել:

«Եթէ կառավարութիւնը, հեղինակութիւնները, պատասխանատուները աճապարուած չեն այս հարցին լուծում գտնելու, մենք երբեք չենք աճապարեր: Որոշեցինք այս վայրը փակել, եւ իւրաքանչիւր շրջան թող ստանձնէ իր աղբերուն հարցին լուծումը: Մենք մեր շրջանի աղբին հարցը կրնանք լուծել, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը կարող է, իսկ մնացեալ քաղաքապետարանները թող ստանձնեն իրենց աղբի հարցին լուծումը: Թող բոլորը լաւ գիտնան, որ աղբի ո՛չ մէկ կտոր պիտի ընդունինք որեւէ քաղաքապետարանէ», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ան նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մերժէ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի ստեղծումը, սակայն չի մերժեր աղբի կուտակումը, ինչ որ աւելի վնասակար է: «Մենք այս աշխատանքին սկսանք չորս ամիս առաջ, եւ արդէն իսկ բաւական ուշացում արձանագրուած է, հետեւաբար մենք պատրաստ չենք յաւելեալ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու: Թող բոլորը մտածեն, թէ այս հարցը ինչպէ՛ս կարելի է լուծել, եւ մենք պատրաստ ենք լուծման մաս կազմելու», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի աղբի մթերման ժամանակաւոր վայրը կրնայ վերաբացուիլ այն պայմանով, որ ոչ ոք արգելակէ կամ յապաղեցնէ կատարուելիք աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան մշակած ծրագիրը ինչպէս որ է գործադրել:

«Մենք աղբի մթերման ժամանակաւոր վայրը պատրաստ ենք վերաբանալու, պայմանաւ որ նախարարաց խորհուրդի բոլոր որոշումները գործադրուին: Մենք պատասխանատու չենք այդ աշխատանքներուն խոչընդոտումին, եւ ամէնէն դիւրին ձեւն է փակել աղբի մթերման ժամանակաւոր վայրը, փակել վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրը, որպէսզի իւրաքանչիւրը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

ՀՅԴ-ի Նախարարը Պիտի Չմասնակցի Կառավարութեան Այսօրուան Նիստին

Պատասխանելով այսօրուան կառավարութեան նիստին ՀՅԴ-ի նախարարին մասնակցութեան վերաբերող հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան պոյքոթի պիտի ենթարկէ նախարարաց խորհուրդի այսօրուան նիստին իր մասնակցութիւնը:

«Այսօր հնչեցին յայտարարութիւններ, թէ կառավարութեան վաղուան նիստը պիտի ըլլայ օրինական: Նկատի ունենալով, որ հայ համայնքը Լիբանանի 7 գլխաւոր համայնքներէն մէկն է, կրնանք հաստատել, որ եթէ հայ նախարարը նիստին ներկայ չէ, ապա կառավարութեան նիստը օրինական չէ: Պէտք չէ տպաւորուիլ այնպէս մը, որ եթէ կարգ մը համայնքներ ու նախարարներ միայն բացակային, կառավարութեան նիստը օրինական չ՛ըլլար, փոքր համայնքները նաեւ բացակայելու իրաւունք ունին», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Համաներում Կրնայ Յայտարարուիլ

Յաջորդը

Ուքրանիա – Քոսովօ Մրցումը` Չէզոք Դաշտի Վրայ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?