
Քաղաքացիական ընկերութեան հրաւէրով խումբ մը քաղաքացիներ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հաւաքուեցան Տորայի հրապարակ, ուրկէ ուղղուեցան Պուրճ Համուտի աղբերու մթերման փակուած վայրը:
Անոնք մերժեցին Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը եւ պահանջեցին կենսոլորտային առողջ լուծումներ ապահովել` լուծելու համար աղբի տագնապին հարցը:


