Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սլէյման շեշտեց, որ Պըրրիի հետ խորհրդակցութիւնները առաւելագոյն չափով կարեւոր են` նկատի ունենալով անոր չափաւորականութիւնը:
Զօր. Սլէյման նշեց, որ քննարկած են կառավարութեան եւ պետական պաշտօնեաներուն, յատկապէս զինուորական նշանակումներուն վերաբերող հարցեր:
«Երկրին մէջ օրինականութեան չգոյութիւնը վերածուած է մնայուն հարցի, իսկ այդ հարցին լուծումը կարելի կը դառնայ միայն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ», ըսաւ ան` խստիւ քննադատելով այն արտայայտութիւնները, թէ քրիստոնեայ նախարարներ կան, որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնեայ համայնքը, իսկ ոմանք քրիստոնեայ են, բայց քրիստոնեայ համայնքը չեն ներկայացներ:
Անդրադառնալով խորհրդարանի եւ կառավարութեան նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլերուն` զօր. Սլէյման հաստատեց, որ նիստերը պոյքոթի ենթարկելը ժողովրդավարական արարք մը չէ:
Զօր. Սլէյման հաստատեց, որ այս հանգրուանին ամէնէն կարեւորը այն է, որ բանակին պատասխանատուութիւնը շարունակուի:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ իր այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունի:
Զայետ շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:
Ան հաստատեց, որ Պըրրիին ներկայացուցած է Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին Եգիպտոսի պաշտօնական կեցուածքը, որուն համաձայն, լիբանանցիները պէտք չէ սուղ վճարեն նախագահական աթոռի թափուր մնալուն գինը, իսկ կառավարութեան աշխատանքը պէտք է պահպանել:
Զայետ շեշտեց, որ Լիբանանի մթնոլորտն ու քաղաքական երկխօսութիւնները պէտք է հանդարտ պահել` վերջ տալու համար գլխաւոր մարտահրաւէրներուն: