
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան հասաւ Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցն ու Սուրիոյ տագնապը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հարիրի զօրակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ, թուրք ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան` խստիւ դատապարտելով կատարուած զինուորական յեղաշրջումի ձախող փորձը:
Նշենք, որ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ:


