Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանեան Քաղաքացիութիւնը Կը Փափաքինք Շնորհել Արտերկրի Լիբանանցիներուն Եւ Ոչ Թէ Սուրիացիներուն Ու Պաղեստինցիներուն» Շեշտեց Պասիլ

August 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

PROGRAMME-DE-NATIONALITE-LIBANAISE--1_f

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր Պուսթրոս պալատին մէջ յայտարարեց լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու ազգային արշաւը: Ձեռնարկին ընթացքին ան շեշտեց, որ այդ ծրագիրը կարելի չէ իրականացնել առանց ազգային արշաւի մը, որուն կը մասնակցին Լիբանանը բաղկացնող բոլոր կողմերը:

Պասիլ յայտնեց, որ այս ծրագիրը ոչ ոքի համար նուաճում կը նկատուի` աւելցնելով, որ եթէ անոր շուրջ ազգային միասնականութիւն կարելի չ՛ըլլար գոյացնել, անիկա անկարելի է որ յաջողէր:

«Այսօր մենք կը տօնենք կորսուած իրաւունքները վերադարձնելու եւ քաղաքացիութիւն ստանալու հազարաւոր լիբանանցիներու երազը իրականացնելու տօնը», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ ծագումով իւրաքանչիւր լիբանանցի պէտք է ստանայ իր քաղաքացիութիւնը, իսկ Լիբանանի վրայ ապրող իւրաքանչիւր ոչ լիբանանցի պէտք չէ ստանայ զայն:

«Լիբանանեան քաղաքացիութիւնը կը փափաքինք շնորհել արտերկրի լիբանանցիներուն եւ ոչ թէ սուրիացիներուն ու պաղեստինցիներուն», շեշտեց Պասիլ:

Լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու առիթ ընծայող ազգային այս արշաւին մեկնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ շեշտեց, թէ քաղաքացիութիւն ստանալու դրութեան ստեղծումը երկար սպասուած նուաճում մըն է եւ անիկա շատերուն երազը պիտի իրականացնէ:

Մաշնուք յայտնեց, որ այդ նուաճումը իրագործուած է շնորհիւ նախարար Պասիլի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ջանքերուն:

«Իբրեւ ներքին գործոց նախարարութիւն, մենք ճիգ պիտի չխնայենք հետեւելու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքին եւ միասնաբար գործադրելու այդ աշխատանքը», ըսաւ Մաշնուք:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան ողջունեց լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու ազգային արշաւը` աւելցնելով, որ անիկա քայլ մըն է Լիբանանի մէջ ապրող լիբանանցիին եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ վստահութիւնը վերականգնելու:

 

 

Նախորդը

Իրանեան Չորս Մարտանաւեր Ամերիկեան Մարտանաւի Ճամբան Փակեցին

Յաջորդը

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Պիտի Քննարկէ 20 Սեպտեմբերին

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.