ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը հաստատեց, որ լուսանցքայնացումի քաղաքականութիւնը խիստ մերժելի է` միաժամանակ հաստատելով, որ փողոց իջնելու նախաձեռնութիւնը վտանգաւոր է:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ ոչ ոք կ՛անդրադառնայ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու վտանգին:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ այս հանգրուանին բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով Լիբանանի մէջ քաղաքական համախոհութիւն գոյութիւն ունի:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը երկրին տագնապներուն լուծման հիմնական անցքն է:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ կառավարութեան տագնապը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ ստեղծուած է` նախագահական ընտրութեան հասնելու նպատակով:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ Մարատա հոսանքը պատրաստ է քննարկելու Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին ելք մը գտնելու կարելիութիւնները:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Իրան կատարելիք իր այցելութեան նպատակն է Իրանի հետ գործակցութիւնը ամրապնդել ճարտարարուեստի մարզին մէջ:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ կան հարցեր, որոնց գծով իրենք կը զօրակցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, սակայն գոյութիւն ունին նաեւ որոշ կեցուածքներ, որոնց իմաստով զօրակցութիւն չեն կրնար ցուցաբերել: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան վերջին նիստին իրենց մասնակցութիւնը ցոյց կու տայ իրենց յանձնառութիւնը` կառավարութեան աշխատանքները շարունակելու իմաստով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ զիրենք լիբանանեան պետութիւնը կազմող հիմնական սիւներէն մէկը չնկատելը մեծ սխալ մըն է, որ կը գործուի: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը իսկական լուսանցքայնացումի ենթարկելու փորձեր կան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ղեկավարի խորհրդատու Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին սերտած կարելիութիւններէն մէկը ընդդիմութիւն դառնալն է եւ կառավարութենէն ու Ազգային երկխօսութենէն հրաժարիլը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ չեն Ազգային ուխտին զենումին ականատես ըլլալու` աւելցնելով, որ իրենց որոշումները սկզբունքային են եւ կ՛որդեգրուին առանց նախապայմանի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքն է, որ կը պահպանէ երկրին օրինականութիւնը եւ իբրեւ ամուր ու հաստատուն նեցուկ կը ծառայէ լիբանանեան պետութեան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Իսմայէլ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները ձախող են եւ անոնք բոլորն ալ մաս կազմած են լիբանանեան վարչակարգին, հետեւաբար` փտածութեան:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծումը չի կայանար նախագահական ընտրութեան, այլ` ամբողջական համամասնականութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքի վաւերացումին մէջ:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, թէ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մրցումին մէջ յառաջդիմած է` Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորութիւնը ստանալու առումով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ ոչ ոք կրնայ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իրականութիւնը փոփոխութեան ենթարկել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ տեղի ունեցող ազգային երկխօսութիւնը ոչ մէկ արդիւնքի յանգած է:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը խօսքով չէ, այլ գործով: Ան աւելցուց նաեւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի չէ կրցած Սէուտական Արաբիայէն ապահովել զօր. Աունի թեկնածութեան համար սպասուած զօրակցութիւնը:


