Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Շարունակեմ Ստանձնել Ազգային Պատասխանատուութիւններս» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

August 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_seraiile_82416

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց երկրորդական վարժարանները գերազանց արդիւնքով աւարտած աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութեան մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանին ընթացքին, ինք պիտի շարունակէ ստանձնել իր ազգային պատասխանատուութիւնները:

«Մենք երկրին ներկայացուցած պետական կառոյցին պահակներն ենք եւ այդ դիրքին վրայ ալ պիտի մնանք: Պիտի չնահանջենք, պիտի չտկարանանք եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց պիտի չթուլնանք», հաստատեց Սալամ:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ իրենք կը գտնուին քաղաքական լուրջ տագնապի մը դիմաց` շեշտելով, որ այնքան ատեն որ քաղաքական ուժերը կը ձախողին նախագահական ընտրութիւն կատարել, քաղաքական այս տագնապը պիտի շարունակուի:

Սալամ նշեց, որ Լիբանանի ժողովրդավարական համակարգը խանգարուած է` աւելցնելով, որ խորհրդարանը ժողով չի գումարեր, որպէսզի կառավարութիւնը հաշուետուութեան կանչէ եւ հետեւի անոր աշխատանքներուն:

Ան շեշտեց, որ երկրին կացութիւնը դժբախտաբար լաւատեսական չէ: «Սակայն մեր պարտականութիւնն է ամրապնդել լիբանանեան ներքին կացութիւնը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ կրթութիւնը պէտք է ըլլայ երկրին փրկութեան եւ բարգաւաճման միակ հասցէն:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ պիտի նշանակուի Ֆուատ Այուպ:

Անդրադառնալով երկրին դիմագրաւած քաղաքական հարցին` յատկապէս կառավարութեան այսօրուան նիստին կայացման առումով, Ապու Սաապ շեշտեց, որ իրենք կը վստահին վարչապետ Սալամի իմաստուն կեցուածքներուն` ընդգծելով, որ իշխանութեան մէջ գործակցութիւնը այս կամ այն կողմին կարծիքը շրջանցելով կարելի չէ ապահովել:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը:

salam_fneish_82416

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, որ խնդրեց յետաձգել այսօրուան կառավարութեան նիստը` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի կեցուածքին պատճառով:

Հանդիպումէն ետք Ֆընէյշ յայտնեց, որ Սալամ մերժած է նախարարաց խորհուրդի նիստը յետաձգել` շեշտելով, որ ինք յանձնառու է այդ նիստը գլխաւորելու եւ պիտի չարտօնէ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին նախարարները շրջանցուին:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Վարչապետ Սալամին Հաստատեց Կառավարութեան Աշխատանքը Շարունակելու Իր Համոզումը

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Արցախի Հարցով Հանդիպում Ունեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.