Լիբանանեան

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու  71-Ամեակին Առիթով.  «Լիբանանը Պիտի Գոյատեւէ, Իսկ Ահաբեկչութիւնը  Պիտի Տապալի` Իր Իսրայէլեան  Եւ Հաւատադրժողական Երեսներով»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու 71-Ամեակին Առիթով. «Լիբանանը Պիտի Գոյատեւէ, Իսկ Ահաբեկչութիւնը Պիտի Տապալի` Իր Իսրայէլեան Եւ Հաւատադրժողական Երեսներով» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթ օր նախագահեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 71-ամեակին նուիրուած խորհրդանշական ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ արտաքին իմաստով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կը հսկեն Լիբանանի սահմաններուն, իսկ ներքին առումով անոնք կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ` բացայայտելով ահաբեկչական բջիջները եւ առաւելագոյն չափով գործակցելով երկրին ապահովական մնացեալ կառոյցներուն հետ: «Մենք կը հետապնդենք բոլոր անոնք, որոնք Լիբանանին...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Դրօշը  Շապթինիի Բնակարանին Վրայ, Իսկ Զօր. Աունի Անունը`  Զօր. Միշել Սլէյմանին Նուիրուած Յուշարձանին Վրայ

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Դրօշը Շապթինիի Բնակարանին Վրայ, Իսկ Զօր. Աունի Անունը` Զօր. Միշել Սլէյմանին Նուիրուած Յուշարձանին Վրայ

Ազգային լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համակիրներ գաղթականներու հարցերու նախարար, դատախազ Ալիս Շապթինիի` Ժիպէյլի մուտքին գտնուող բնակարանին վրայ զետեղած են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դրօշակ մը: Նոյն աղբիւրին համաձայն, անոնք Շապթինիի բնակարանէն քիչ անդին` Ժիպէյլի հրապարակին վրայ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին նուիրուած յուշարձանին վրայ գտնուող արձանագրութիւնը փոխած են` Սլէյման անունը...

Պուրճ Համուտը Պէտք Է Փրկել  Նոր Աղբակոյտի Մը Վտանգէն

Պուրճ Համուտը Պէտք Է Փրկել Նոր Աղբակոյտի Մը Վտանգէն

  Ազգային ազատականներ կուսակցութեան Հիւսիսային Մեթնի մասնաճիւղը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ, որուն հետ քննարկած է աղբի ժամանակաւոր տագնապին թղթածրարը, յատկապէս կեդրոնանալով Պուրճ Համուտի մէջ աղբի ժամանակաւոր մթերման եւ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի հարցերուն վրայ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ազգային ազատականներ կուսակցութիւնը կը հասկնայ...

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Համախմբուելու`  Իսլամութեան Աղաւաղումին Վերջ Տալու Նպատակով

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Համախմբուելու` Իսլամութեան Աղաւաղումին Վերջ Տալու Նպատակով

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթ գիշեր մեծարուեցաւ լիբանանցի գործարար Պաշիր Հարիրիի կողմէ: Մեծարանքի երեկոյին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ միւֆթի Տըրիան շեշտեց, որ իրենց դիմաց կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէր մը, որն է իրենց կրօնը, հաւատալիքները, արժէքները եւ գոյութիւնը թիրախ դարձնելու մնայուն փորձը: Ան հաստատեց, որ պէտք է համախմբուիլ եւ միասնաբար գործել` իսլամութեան աղաւաղումին վերջ տալու նպատակով: Անդրադառնալով լիբանանեան...

Խալիլ. «Ամերիկացի Պատասխանատուներուն Մօտ  Շօշափեցինք Դրական Կեցուածք` Լիբանանի Դէմ  Տնտեսական Պատերազմ Չմղելու Իմաստով»

Խալիլ. «Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Պէտք Է Ստանձնեն Իրենց Պատասխանատուութիւնը Եւ Վաւերացնեն Պետական Ամավարկը»

Ալի Հասան Խալիլ Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ինք կառավարութեան յղած է պետական ամավարկը` յարգելով սահմանադրական ժամկէտը, որպէսզի անոր առիթ տայ այդ ամավարկը քննարկելու եւ զայն վաւերացնելէ ետք փոխանցելու խորհրդարան, նախքան 1 հոկտեմբերը: Խալիլ ընդգծեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը եւ վաւերացնեն պետական ամավարկը:

Ալի. «Սուրիա Ահաբեկչութեան Դէմ Յաղթանակ  Արձանագրելու Սեմին Կը Գտնուի»

Ալի. «Սուրիա Ահաբեկչութեան Դէմ Յաղթանակ Արձանագրելու Սեմին Կը Գտնուի»

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ ընդունեց լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ ՀՅԴ-ն ներկայացնող Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Հանդիպումին ընթացքին Ալի շեշտեց, որ Սուրիա ահաբեկչութեան եւ անոր զօրակցող ուժերուն դէմ յաղթանակ արձանագրելու սեմին կը գտնուի: Ան հաստատեց, որ այն երկիրները, որոնք ահաբեկիչները ղրկած են Սուրիա, այսօր ահաբեկչութենէ կը տառապին. այս շրջագիծին...

Պաալպեքի Նահանգապետի Պարգեւատրում

Պաալպեքի Նահանգապետի Պարգեւատրում

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը շաբաթավերջին Պաալպեքի բերդին մէջ պարգեւատրեց Պաալպեքի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը: Այս առիթով Խտըր յայտնեց, որ իրեն համար հպարտութիւն է Պաալպեքի մէջ եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուիլը` շեշտելով, որ Պաալպեքի մէջ այս տարուան փառատօները անկարելի պիտի ըլլար յաջողցնել առանց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հսկողութեան: Խտըր ընդգծեց, որ այդ փառատօները Պաալպեքին վերադարձուցած են իր հիմնական եւ...

Հիւսիսային Լիբանանի Առեւտրականները  Այցելեցին Թուրք Դեսպանին

Հիւսիսային Լիբանանի Առեւտրականները Այցելեցին Թուրք Դեսպանին

Հիւսիսային Լիբանանի առեւտրականներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` միութեան նախագահ Ասաատ Հարիրիի, շաբաթավերջին այցելեցին Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշի, որուն հետ քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս առեւտրական գործակցութիւնը` Լիբանանի հետ ընդհանրապէս, իսկ Թրիփոլիի հետ յատկապէս: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Լիբանանցի առեւտրականները պահանջեցին երկու երկիրներուն կողմէ ճշդուած կրկնակի հարկումի դրութիւնը ջնջել, որպէսզի կարելիութիւն ստեղծուի թրքական շուկային մէջ լիբանանեան արտադրութիւններուն...

Քաուք. «Տարայայի Ազատագրումով Վերջ  Կը Գտնէ Սուրիական Վարչակարգը  Տապալելու Սէուտական Երազը»

Քաուք. «Տարայայի Ազատագրումով Վերջ Կը Գտնէ Սուրիական Վարչակարգը Տապալելու Սէուտական Երազը»

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իսկական տագնապ մը կ՛ապրի` աւելցնելով, որ կառավարութեան տագնապը կարելի է լուծել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան շուրջ սէուտական վեթոյին վերջ տալով: Շէյխ Քաուք հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս վտանգաւոր ժամանակաշրջանին անհրաժեշտ է պահպանել երկրին ազգային միասնականութիւնը եւ ներքին լիբանանեան կայունութիւնը: Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ակնարկելով` շէյխ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Նապաթիէի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ երկու սուրիացիներ: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը մտածէ Լիբանանէն դուրս երկարատեւ արձակուրդի մը մասին` ապահովական լուրջ պատճառներով: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ հետեւեալ պատասխանը տուաւ  հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կողմէ իրեն ուղղուած այն առաջարկին, որ ինք պէտք է իր քաղաքական ուղեգիծը փոփոխութեան ենթարկէ. «Ես համոզուած եմ եւ հաստատ կը մնամ...

«Այնքան Ատեն Որ Վնասազերծուած Թափօններու  Թաղման Վայրին Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ,  Մենք Աղբի Ժամանակաւոր Մթերանոցը Փակ Պիտի Պահենք»  Շեշտեց Ա. Կիտանեան

«Այնքան Ատեն Որ Վնասազերծուած Թափօններու Թաղման Վայրին Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ, Մենք Աղբի Ժամանակաւոր Մթերանոցը Փակ Պիտի Պահենք» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան «Սաֆիր» եւ «Լորիան լը Ժուր» օրաթերթերուն, «Նաշրա» կայքին, ինչպէս նաեւ «Նուր» եւ «Սաութել Մատա» ձայնասփիւռի կայաններուն հետ ունեցաւ հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ աղբի ընդունումը առկախելու Կեդրոնական կոմիտէի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան որոշումին: Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ ժամանակաւոր կերպով ստեղծուած աղբի մթերանոցը փակելու որոշումը տրուած է կանխարգիլելու համար նոր աղբակոյտի մը...

Ահաբեկչութեան Եւ Ահաբեկիչներուն Դէմ  Պայքարը Կը Շարունակուի

Ահաբեկչութեան Եւ Ահաբեկիչներուն Դէմ Պայքարը Կը Շարունակուի

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Ուատի Խալետի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն սուրիացի Ապու Պիլալ Քպութը: Միւս կողմէ, Դիմադրութիւնը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին բուռն կերպով ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը` քանդելով զանոնք: Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ Լապուէի մէջ ձերբակալեց Մուհիէտտին Ժարպանը (ծանօթ` Ապու Սուս կեղծանունով)` Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի էմիրին հօրեղբայրը, որուն ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ...

Խորհրդարանի Նախագահը Մքարիի  Եւ Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Տեղական  Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի Նախագահը Մքարիի Եւ Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Մքարի շեշտեց այս հանգրուանին կառավարութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմը լուծելով երկիրը ամբողջովին անիշխանութեան կը մատնուի: Մքարի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկող կողմը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերն ու տագնապները կը բարդացնէ: Մքարի...

Դեսպան Մկրտչեան Եւ Ժան Ֆահըտ Կարեւոր  Կը Նկատեն Երկկողմանի  Համագործակցութեան Ընդլայնումը

Դեսպան Մկրտչեան Եւ Ժան Ֆահըտ Կարեւոր Կը Նկատեն Երկկողմանի Համագործակցութեան Ընդլայնումը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց Լիբանանի Վերաքննիչ դատարանի աւագ դատախազ, Արդարութեան խորհուրդի նախագահ Ժան Ֆահըտի: Հանդիպումին ընթացքին Ֆահըտ դեսպանին ներկայացուց Լիբանանի դատական իշխանութեան համակարգի առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու հետ համագործակցութեան փորձերուն վերաբերող հարցեր: Իր կարգին, դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ Հայաստանի դատական իշխանութեան համակարգին եւ այդ մարզին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը եւ դատական...

Յ. Թերզեան. «Թող Աղբերը Պուրճ Համուտէն  Ղրկուին Անոր Որ Յարմար Լուծումներ Ունի»

Յ. Թերզեան. «Թող Աղբերը Պուրճ Համուտէն Ղրկուին Անոր Որ Յարմար Լուծումներ Ունի»

Պէյրութի քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան շեշտեց, որ Պուրճ Համուտն ու Մտաուարը տարիներէ ի վեր կը տառապին կենսոլորտային ապականումէ, գարշահոտութենէ եւ ախտերէ, որոնցմով վարակուած է անոնց բնակչութեան մեծ մասը: Հաղորդագրութեան մէջ Յ. Թերզեան նշեց, որ ինչպէս բոլորին ծանօթ է, կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրին համաձայն, աղբերու տեսակաւորում պիտի կատարուէր, տեսակաւորուած աղբը պիտի զետեղուէր աղբի յատուկ ժամանակաւոր մթերանոցի մէջ, եւ ապա զայն պիտի...

Զօր. Քահուաժի. «Այն Հելուէի Մէջ Ահաբեկչական  Խմբաւորումները Ճնշելու Որոշումը Տրուած Է»

Զօր. Քահուաժի. «Այն Հելուէի Մէջ Ահաբեկչական Խմբաւորումները Ճնշելու Որոշումը Տրուած Է»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ հակառակ ստեղծուած բոլոր տագնապներուն, բանակը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի` դիմադրելու ահաբեկչական որեւէ գործողութեան կամ յարձակումի: Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ Այն Հելուէի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները ճնշելու որոշումը տրուած է` ընդգծելով, որ յանցագործներուն կողմէ բանակին անձնատուր դառնալու քայլը պարզապէս առաջին հանգրուան կը նկատուի: Զօր....

Հանրապետութեան Հանդիպում Պլոքը  Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Ժողովրդավարութիւնը

Հանրապետութեան Հանդիպում Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Ժողովրդավարութիւնը

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումը կոչ ուղղեց յարգելու ժողովրդավարութիւնը եւ ըստ կարիքի չբացատրելու օրինականութիւնը: Հանդիպումը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահը խորհրդարանին եւ երեսփոխաններուն պարտադրելը իր կարգին օրինականութիւն չէ: Հանրապետութեան հանդիպումը կոչ ուղղեց զինուորական հաստատութիւնը իր հրամանատարութենէն չզրկելու, ինչպէս նաեւ շեշտեց աղբի տագնապին անյապաղ լուծումներ գտնելու` կառչած...

«Սահմանային Կապոյտ Գիծի Ապահովական  Կայունութիւնը Մեզի Համար  Առաջնահերթութիւն Է»  Շեշտեց Մայքըլ Պերրի

«Սահմանային Կապոյտ Գիծի Ապահովական Կայունութիւնը Մեզի Համար Առաջնահերթութիւն Է» Շեշտեց Մայքըլ Պերրի

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրի Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ առաջին անգամ ըլլալով նախագահեց եռակողմանի զինուորական ժողովին: Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան վերջին շրջանին իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, յատկապէս սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ: Զօր. Պերրի շեշտեց միացեալ գործունէութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ...

Ալի. «Դիմադրութեան Առանցքը  Հետզհետէ Կը Հզօրանայ»

Ալի. «Սուրիական Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները Պիտի Յաղթեն»

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ այցելեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ալի Քանսոյի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները պիտի յաղթեն` պահպանելով Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը: Նշենք, որ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ իր կարգին այցելեց Քանսոյի: Հանդիպումին ընթացքին զոյգ կողմերը ընդգծեցին համամասնական...

«Եթէ Լիբանանցիները Բաւարար Դիմադրողականութիւն  Ունենան, Կրնանք Շրջանցել Վտանգները Եւ Յաղթել Անոնց»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Կը Գտնուի» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Լիբանան շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի, քան այլ երկիրներ: Իպրահիմ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը պիտի շարունակէ մնալ այս իրավիճակին մէջ, այնքան ատեն որ աշխատանքի այս հոգեբանութիւնը առկայ կը մնայ լիբանանեան ապահովական կառոյցին մօտ: «Մենք, ապահովական այս...

Page 805 of 986 1 … 804 805 806 … 986

Արխիւներ