Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները շարունակեն իրենց երկխօսութիւնը եւ փոխադարձ զիջումներ կատարեն:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է Լիբանանի ներքին եւ արտաքին հարցերու լուծման:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Ուատի Խալետի մէջ փակեց Լիբանան-Սուրիա երթեւեկի երկու ապօրինի անցքեր:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին նախարարութիւնը կառավարութեան պիտի փոխանցէ 2016-ի պետական պիւտճէի ծրագիրը, որ պէտք է անոր կողմէ վաւերացուի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն պիտի մասնակցի Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ժողովին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի, հանդիպելէ ետք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ, մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը գործակցին, որպէսզի երկիրը յաւելեալ վտանգներու դէմ յանդիման չգտնուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ կառավարութեան  օրինականութիւնը առկայ է, այնքան ատեն որ բոլոր համայնքները ներկայ են:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ այն կառավարութիւնը, որուն մաս չեն կազմեր Ազգային ազատ հոսանք, Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն նախարարները, ապօրինի է:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորելու նախաձեռնութիւններուն եւ անոր գործած աւերներուն ու վնասներուն պատասխանատու նկատել բոլոր անոնք, որոնք կը ֆինանսաւորեն ահաբեկչութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութենէն չէ հրաժարած:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկէ կառավարութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ կառավարութեան նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը կառավարութեան աշխատանքին չի սպառնար:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ օրէնքի եւ ժողովրդավարութեան սահմաններուն մէջ իրենց կողմէ որդեգրուելիք բոլոր քայլերը հաւանական են:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Հըզպալլան տեղեակ պահած է, թէ ինք պատրաստ է նախագահական ընտրութեան բոլոր կարելիութիւնները քննարկելու:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրի երէկ այցելեց Մազարեհ Շեպաայի սահմանամերձ շրջանները` ստուգելու համար իսրայէլեան բանակին գործած ոտնձգութիւնները:

 

 

Նախորդը

Թրքական Զօրքեր Մուտք Գործեցին Սուրիա

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի Նախագահեց Հոլանտական Իշխանութիւններուն Հետ Գործակցութեան Ժողովի Մը

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.