Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին յետաձգելու կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ եւ հաղորդակցութիւններ կատարել նախարարաց խորհուրդի անդամներուն հետ` տարակարծութիւնները փարատելու նպատակով:
Ռաատ յայտնեց, որ իր պահանջը ուղղակիօրէն կապուած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներուն կողմէ կառավարութեան նիստին մասնակցութեան առումով կատարուելիք պոյքոթին ունենալիք հետեւանքներուն: