Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Պիտի Քննարկէ 20 Սեպտեմբերին

August 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

fadlalla_nisd_82516

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա նախագահեց յանձնախումբի նիստին, ներկայութեամբ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, ինչպէս նաեւ դատախազներ Ալի Իպրահիմի եւ Մարուան Քարքապիի:

Նիստէն ետք Ֆատլալլա շեշտեց, որ յանձնախումբին համար կարեւոր է լուծել ապօրինի համացանցի թղթածրարը` հաստատելով, որ խորհրդարանը դատական իշխանութիւններուն աշխատանքներուն միջամուխ չի դառնար, այլ` կը խնդրէ անոնցմէ անյապաղ լուծել այս հարցը:

Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ապօրինի համացանցի գաղթակղութեան բացայայտումէն ետք օրինական կերպով բաժնուած համացանցի ծառայութեան սակերը չեն բարձրացած: Ան ապահովական կառոյցներէն պահանջեց լուրջ հետաքննութիւն կատարել այս իմաստով:

Աուն նշեց, ապօրինի համացանցի դրութեան պատճառով կառավարութիւնը տարեկան 250 միլիոն տոլարի նիւթական բաց մը ունի եւ անհրաժեշտ է այդ հարցին լուրջ լուծումներ ապահովել:

Հարպ իր կարգին յայտնեց, որ ապօրինի համացանցի թղթածրարին առումով կարգ մը յանցագործներ խոստովանած են, թէ իրենք այդ սարքերուն սեփականատէրերն են, սակայն անոնք բերման չեն ենթարկուած:

Իր կարգին, նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ եթէ ապօրինի համացանցի թղթածրարին մասին բացուած հետաքննութեամբ կարելի չըլլայ արդիւնքներու յանգիլ, ապա ատիկա պիտի ըլլայ դատական անկախ իշխանութիւն մը ունենալու վերջին յոյսը:

Յանձնախումբը ապօրինի համացանցի թղթածրարը պիտի քննարկէ 20 սեպտեմբերին:

 

 

Նախորդը

«Լիբանանեան Քաղաքացիութիւնը Կը Փափաքինք Շնորհել Արտերկրի Լիբանանցիներուն Եւ Ոչ Թէ Սուրիացիներուն Ու Պաղեստինցիներուն» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը Մերժող Ցոյց

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.