Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Վաղուան Նիստը Պոյքոթի Պիտի Ենթարկենք` Օրինազանցութեան Դէմ Իբրեւ Զգուշացում» Ըսաւ Պասիլ

August 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_pc_82316

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր երկիրը ամբողջական անիշխանութեան մատնել, այդ պատճառով ալ աշխատած են կառավարութեան ստանձնած պարտականութիւնները ճիշդ հունի մէջ զետեղել, ինչ որ իր կարգին իրենց վնաս պատճառած է:

«Մենք ստանձնեցինք այնպիսի պատասխանատուութիւններ, որոնց հետ ոչ մէկ կապ ունէինք: Փորձեցինք կասեցնել ահաբեկչութիւնը եւ կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այն իրականութեան վրայ, թէ Լիբանանի մէջ կայ բռնագրաւուած շրջան մը, որ պէտք է ազատագրել, սակայն կառավարութիւնը այդ իմաստով քաղաքական որոշում չունի: Կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեցինք այն միջազգային տեղեկագիրներուն եւ փաստաթուղթերուն վրայ, որոնց հիման վրայ յստակ կ՛երեւան սուրիացի գաղթականները բնակեցնելու նպատակները, սակայն նախարարաց խորհուրդը մնաց անտարբեր», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ վերոնշեալ բոլոր թղթածրարները ցոյց կու տան, որ Լիբանանը կատարեալ անիշխանութեան մատնուած է եւ հարցերուն լուծման իմաստով կողմնակալութիւն գոյութիւն ունի:

Անդրադառնալով լիբանանեան բանակի հրամանատարի նշանակումի հարցին` Պասիլ յայտնեց, որ անցեալ տարի որոշած են հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել, որովհետեւ նոր հրամանատարի անուան շուրջ չեն համաձայնած, «սակայն այս տարի մենք բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը դարձեալ երկարաձգելու իմաստով լուռ պիտի չմնանք: Կառավարութեան վաղուան նիստը պոյքոթի պիտի ենթարկենք` օրինազանցութեան դէմ իբրեւ զգուշացում», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ հիմնական հարցը կը կայանայ նախարարաց խորհուրդին օրինական ըլլալուն մէջ:

Պասիլ շեշտեց, որ այս մէկը զգուշացում մըն է` աւելցնելով, որ հինգշաբթի օրուան նիստէն ետք տեղի ունենալիքը կառավարութեան նիստը կ՛որոշէ: «Այս որոշումը զգուշացում մըն է, ուղղուած` մեզի եւ երկրին մէջ գործող մեր բոլոր գործընկերներուն: «Եթէ մենք բացակայինք, կառավարութիւնը իր օրինականութիւնը կը կորսնցնէ, եւ իբրեւ այդպիսին կը կորսուի երկրին գոյացութիւնը եւ կը կորսուի Լիբանանը: Իսկ ինչպէս նախապէս ուղղուած ենք դէպի ազատութիւն եւ անկախութիւն, կրնանք այս անգամ եւս ընտրել փողոց իջնելու որոշումը` պաշտպանելու համար լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը», հաստատեց ան:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Եւ Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի Անհեթեթ Կը Նկատէ Երկրին Քաղաքական Տագնապին Արտաքին Լուծման Սպասելը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.