Պայրագտարեան Կոչ Ուղղեց Մարզիկներուն Հոգեկան Առողջութիւնը Պաշտպանելու
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանեան համալսարանին մէջ բացումը կատարեց Լիբանանի մէջ մարզական շաբթուան ձեռնարկներու ծիրին մէջ կազմակերպուած ակադեմական առաջին սեմինարին` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ փրոֆ. Պասսամ Պատրանի: Սեմինարին խորագիրն էր «Պատերազմի ժամանակաշրջանին մարզիկներու հոգեկան առողջութիւնը» Պայրագտարեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ մարզական շաբթուան նպատակը յաւելեալ ձեռնարկ մը կատարելը չէ, այլ ներդրումը համարկուած ազգային մօտեցումի մը,...



















