Սուրիոյ արտաքին գործոց եւ արտերկրի սուրիացիներու հարցերու նախարար Ասաատ Հասան Շիպանի Դամասկոսի մէջ ընդունեց Լիբանանի փոխվարչապետ Թարեք Մըթրին ու անոր ընկերակցող նախարարական պատուիրակութիւնը:
Մըթրիի կողքին լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտարը, կրթութեան նախարար Ռիմա Քարամէն եւ ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտը:
Լիբանանցի նախարարներն ու իրենց սուրիացի պաշտօնակիցները երկկողմանի հանդիպումներ ունեցան` քննարկելով հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող թղթածրարներ, ինչ որ կ՛արտօնէ ընդհանուր նիւթերէն անցում կատարել անոնց կարգաւորման համար անհրաժեշտ քայլերու քննարկման:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու նախարար Ահմետ Հաժժարի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Հաժժար Սուրիա իր այցելութիւնը այլ թուականի յետաձգած է, որովհետեւ իր սուրիացի պաշտօնակից Անաս Խաթթապը զինք տեղեակ պահած է, որ անձնական անակնկալ պատճառներով պիտի չկարենայ ժողովին ներկայ գտնուիլ:
Նշենք, որ ներքին գործոց նախարարութեան իրաւասու թեքնիք պատուիրակութիւնը մաս կազմեց Սուրիա այցելող լիբանանեան պատուիրակութեան:
Փոխվարչապետ Մըթրի Սուրիա հասնելէն ետք Ժտէյտեթ Եապուս սահմանային անցակէտին վրայ յայտարարեց. «Այսօր Սուրիա մեր այցելութենէն դրական արդիւնքներ կ՛ակնկալենք»:
Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար իր կարգին Ժտէյտեթ Եապուսի մէջ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Սուրիա այցելութիւնը նախարարական աշխատանք է, որ կուսակցական (կ՛ակնարկէ Հըզպալլային, «Ա.») որեւէ ենթահող չունի»:
Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ «Ժատիտ»-ին յայտնեց. «Այսօր Դամասկոս մեր այցելութեան ընթացքին սուրիական կողմին հետ տեղահանուածներու հարցը պիտի քննարկենք»:


