Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ քննարկեց երկրի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնները, ինչպէս նաեւ այսօր վարչապետարանին մէջ գումարուելիք նախարարաց խորհուրդի նիստի օրակարգը:

Սալամ հանդիպումէն ետք նշեց. «Շրջանին մէջ պատերազմի վերսկսման վտանգին լոյսին տակ, վերստին կը զգուշացնեմ Լիբանանը օտարերկրեայ շահերուն ծառայելու համար որեւէ նոր անօգուտ արկածախնդրութեան մէջ ներքաշելէ եւ զայն մղելէ ճակատումներու մէջ, որոնց հետեւանքները կրելու շռայլութիւնը չունինք»:

«Լիբանանցիները, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մեր ժողովուրդը, իրենց կեանքերով, ապրուստի միջոցներով ու տուներով սուղ գին վճարեցին, եւ անոնց իրաւունքն է անվտանգ ապրիլ եւ իրենց ապագան կառուցել պատերազմներու, տեղահանման ու քանդումի ոլորապտոյտէն հեռու», ըսաւ ան:

«Լիբանանի պաշտպանութիւնը ազգային պարտաւորութիւն է, որ կը պահանջէ անոր գերագոյն շահերը որեւէ այլ շահէ վեր դասել եւ յանձնառութիւն ունենալ, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը բացառապէս պետութեան ու անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն ձեռքը ըլլայ», յայտնեց վարչապետը:

«Պիտի չընդունինք, որ լիբանանցիներուն պարտադրուի ճակատագիր մը, որ իրենք չընտրեցին, կամ անոնց հայրենիքը անգամ մը եւս դառնայ ուրիշներու հակամարտութիւններու թատերաբեմ: Մեր պարտաւորութիւնն է անոր գերիշխանութիւնը պահպանել եւ ժողովուրդը պաշտպանել, եւ ամէն ջանք կը թափենք զայն նոր պատերազմէ մը զերծ կացուցելու համար», շեշտեց Սալամ:

«Այս առումով ես խստօրէն կը դատապարտեմ լիբանանեան որեւէ տարրի կամ խմբաւորումի կողմէ մեր արաբ եղբայրներու ներքին գործերուն միջամտութիւնը, յատկապէս մասնակցութիւնը որեւէ տեսակի զինուորական գործունէութեան, որ կը սպառնայ անոնց երկիրներու անվտանգութեան, եւ որոնցմէ վերջինը մեր եղբայրական Եմէնի կառավարութեան յայտարարածն է: Ասոնք գործողութիւններ են, որոնք կրնան միայն վնաս հասցնել Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին շահերուն», ըսաւ ան:

«Մենք նախանձախնդիր ենք յարգելու մեր եղբայրներու գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ անոնց վնաս հասնիլը կանխարգիլելու, եւ մենք անհամբեր կը սպասենք անոնց հետ մեր յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման` փոխադարձ վստահութեան ամուր հիմերու վրայ», յայտնեց Սալամ:

Նախորդը

Հըզպալլա Կը Հերքէ

RelatedPosts

Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
«Ուժանիւթի Նախարարութիւնն Ու Ելեկտրականութեան  Ընկերութիւնը Պետութեան Ու Իրաքին  22 Միլիառ Տոլար Պարտք Չե՞ն»  Հարց Կու Տայ Քապալան
Լիբանանեան

«Ուժանիւթի Նախարարութիւնն Ու Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Պետութեան Ու Իրաքին 22 Միլիառ Տոլար Պարտք Չե՞ն» Հարց Կու Տայ Քապալան

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.