Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Ազգային ծերանոցի` ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանը, որ նախարարին ներկայացուց ծերանոցին մէջ մարդուն ծառայելու եւ անոր դրական զգացում ու լաւատեսութիւն շնորհելու համար թափուող ջանքերը:
Պատուելի Թերզեան նախարարը դրաւ ծերանոցի կազմակերպման համար ընթացող քայլերուն եւ մասնաւորաբար Նոր տարուան շրջանին գործադրուելիք տարեկան ձեռնարկներու մթնոլորտին մէջ:
Պայրագտարեան բարձր գնահատեց ծերանոցն ու անոր մարդասիրական յառաջատար դերը, ինչպէս նաեւ այն հսկայական ջանքերը, որոնք կը գործադրուին զայն զարգացնելու համար, որպէսզի համապատասխանէ անհրաժեշտ չափանիշերուն եւ յարմար ըլլայ իր բնակիչներուն բարձր չափանիշերով սպասարկելու համար:


