Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի տեղեկատուութեան գրասենեակը ամբողջովին հերքեց «Սուրիոյ ներքին ապահովութեան ուժերուն հաղորդագրութեան մէջ ենթադրեալ բջիջի մը կուսակցութեան հետ կապ ունենալու մեղադրանքները եւ վերահաստատեց, որ Հըզպալլան սուրիական հողերուն մէջ որեւէ ներկայութիւն կամ կապեր չունի, Սուրիոյ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը խաթարող որեւէ գործունէութեան հետ կապ չունի»:

«Այս մեղադրանքները կրկնելն ու Հըզպալլայի անունը այսպիսի հարցերուն մէջ ներառելը չի փոխեր իրականութիւնը անոր հաստատ եւ յստակ դիրքորոշումին, որ բազմիցս յայտարարած է: Հըզպալլայի կողմնորոշումը իսրայէլացի թշնամիին դէմ է, որ կը յարատեւէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ իր յարձակումներուն մէջ եւ կը շարունակէ անոնց հողերը բռնագրաւել: Ուստի, այս թշնամիի եւ անոր ծաւալապաշտական ծրագիրներու դիմակայումը կը մնայ ծայրայեղ առաջնահերթութիւն, որուն շուրջ պէտք է բոլոր ջանքերն ու դիրքորոշումները միաւորուին` հեռու մնալով մեղադրանքներէն, որոնք միայն անոր շահերուն կը ծառայեն», շեշտեց Հըզպալլա:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Սուրիոյ Ընդհանուր հետախուզական ծառայութիւնը, ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ գործակցաբար, ձախողութեան մատնած է Հոմսի զտարանը թիրախաւորող ահաբեկչական ծրագիր մը, «որուն ետին կը կանգնէր Հըզպալլային պատկանող բջիջ մը», որուն անդամները ձերբակալուած են, եւ անոնց մօտ գտնուող ականները` գրաւուած:

Հըզպալլայի տեղեկատուութեան գրասենեակը նաեւ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կտրուկ կերպով մերժեց «Եմէնի այսպէս կոչուած փոխանցման խորհուրդի ներքին գործոց նախարարի (Իպրահիմ Հայտան) պնդումները` Եմէնի մէջ Հըզպալլայէն մասնագէտներու ներկայութեան, զինուորական գործողութիւններու ղեկավարման եւ Անսարուլլայի մէջ եղբայրներու զինման եւ մարզումի կարողութիւններու զարգացման մասնակցութեան վերաբերեալ, եւ հաստատեց, որ այդ մեղադրանքները ամբողջովին սխալ են եւ որեւէ իրողութեան վրայ հիմնուած չեն»:

«Եմէնի Սիրելի ժողովուրդը ունի այն կարողութիւնները, ներուժն ու փորձառութիւնը, որոնք անոր կ՛արտօնեն իր երկիրն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանել որեւէ յարձակումէ, սպառնալիքէ կամ պաշարումէ, եւ ան ոչ ոքի աջակցութեան կամ միջամտութեան կարիքը ունի, ինչպէս ան ապացուցեց իր դէմ ամերիկեան եւ իսրայէլեան յարձակումի եւ Կազային աջակցելու ժամանակ», նշեց կուսակցութիւնը:

Հըզպալլա շեշտեց. «Եմէնցիներուն միջեւ լուրջ ու պատասխանատու երկխօսութիւնը որեւէ վէճի կամ խնդիրի լուծման ճշմարիտ միջոցն է` այնպէս, որ պահպանուի Եմէնի միասնութիւնը, գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը, եւ խափանուին ազգի թշնամիներու ծրագիրները, որոնք ուղղուած են ժողովուրդներուն միջեւ հակամարտութիւններ հրահրելուն եւ շրջանի երկիրները մասնատելուն»:

 

 

Նախորդը

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

RelatedPosts

Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
«Ուժանիւթի Նախարարութիւնն Ու Ելեկտրականութեան  Ընկերութիւնը Պետութեան Ու Իրաքին  22 Միլիառ Տոլար Պարտք Չե՞ն»  Հարց Կու Տայ Քապալան
Լիբանանեան

«Ուժանիւթի Նախարարութիւնն Ու Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Պետութեան Ու Իրաքին 22 Միլիառ Տոլար Պարտք Չե՞ն» Հարց Կու Տայ Քապալան

November 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.