Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր Պոլսոյ մէջ Պոսփորի 17-րդ վեհաժողովի ընթացքին կարդաց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի խօսքը, որուն մէջ կը նշուէր. «Լիբանանի մէջ տեւական կայունութեան հաստատումը կը պահանջէ պետութեան գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածել, քաղաքացիներուն վստահութիւնը վերականգնել բարեկարգումներու եւ հաշուետուութեան ճամբով, ինչպէս նաեւ վերականգնումն ու վերաշինութիւնը վերածել բարգաւաճման ու աշխատանքի առիթի»:

«Կայունութիւնը առանց բարգաւաճման փխրուն է, եւ պահանջուածը վերջին տագնապի հետեւանքներու լուծումէն անդին դէպի յառաջիկայ տագնապներու դիմակայման կարող պետութեան կառուցում անցում կատարելն է», ըսաւ Աուն:

«Լիբանանցիները դիմացկունութեան ուշագրաւ կարողութիւն ցոյց տուին, սակայն դիմացկունութիւնը իր պարտաւորութիւնները կատարող պետութեան բացակայութիւնը չի փոխհատուցեր», յայտնեց նախագահը:

«Վստահութեան վերականգնումը միայն խօսքով չ՛իրագործուիր, այլ նաեւ որոշումներով, հաշուետուութեամբ եւ մարդոց համար շօշափելի  արդիւնքներով», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն` նախագահ Աուն իր յղած խօսքին մէջ նշեց. «Լիբանան կը պարծենայ իր բարեկամութեամբ Թուրքիոյ հետ, որ դժուար պահերուն իր կողքին կանգնեցաւ եւ հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանման նպաստեց, եւ անհամբեր կը սպասէ ընդլայնելու առեւտուրի, ներդրումի, ենթակառոյցներու եւ վերաշինութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ընդլայնման, ինչ որ երկու ժողովուրդներուն ու շրջանին կը ծառայէ»:

«Լիբանան կը գիտակցի իր առջեւ գտնուող ուղիի երկարութեան, սակայն վճռակամ է այդ ուղիով ընթանալու: Կայունութիւնը զեկուցումներու մէջ նշուածով չի չափուիր, այլ այն բանով, որ հայրը կամ մայրը վաղուան նկատմամբ մտահոգ չըլլան, եւ քաղաքացին պետութեան նկատմամբ իր վստահութիւնը վերականգնէ: Այդ է Լիբանանը, որուն կառուցման համար կ՛աշխատինք», իր խօսքին մէջ նշեց նախագահ Աուն:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.