Ելեկտրականութեան ընկերութեան վարչական խորհուրդը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Առ ի գործադրութիւն վարչական խորհուրդի` իրենց պարտքերը չվճարած եւ նոյնիսկ իրենց իրավիճակը կարգաւորելու համար ելեկտրականութեան ընկերութեան հետ կապ հաստատելու նախաձեռնութիւն չցուցաբերած պետական կառավարման մարմիններու, հաստատութիւններու եւ քաղաքապետարաններուն ելեկտրականութեան մատակարարումը դադրեցնելու որոշումին, ընկերութիւնը այսօր առաւօտեան սկսած է թարմացնել այդ կազմակերպութիւններու բաժանորդագրութիւններու ցուցակները եւ անհրաժեշտ հրահանգներ տուած է` անջատումը կատարելու համար»:
Ընկերութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց «լրատուամիջոցներուն, որոնք դրականօրէն լուսաբանեցին այս արշաւը եւ անոր վրայ լուսարձակները կեդրոնացուցին»` մաղթելով, որ անոնք ելեկտրականութեան անջատման ենթակայ կազմակերպութիւններու անունները հրապարակելու ընթացքին ճշգրտութիւն պահպանեն եւ բացառապէս հետեւին վարչական խորհուրդին կողմէ հրապարակուածին` շփոթ չյառաջացնելու նպատակով:


