Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու նախկին օգնական Տէյվիտ Շենքըր «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ աջակցիլ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, հակառակ ընտրութիւններուն մէջ անոր արձանագրած նահանջին:
Ան աւելցուց, որ այդ աջակցութիւնը արդիւնք պիտի չտայ, որովհետեւ յառաջիկայ վարչապետը նշանակելու որոշումը կը պատկանի Իսրայէլի նախագահին:
Շենքըր ըսաւ, որ եթէ Իսրայէլի կառավարութեան ղեկավարումը Կատի Այզենքոթին վստահուի, ան պիտի պահպանէ նոյն ընդհանուր սկզբունքները, սակայն Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները աւելի հանդարտ պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ Այզենքոթ Պաղեստինի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ շրջանի նման թղթածրարներուն մէջ ծայրայեղական պիտի չըլլայ:
Ինչ կը վերաբերի Իրանին, ամերիկացի նախկին պաշտօնատարը նշեց, որ Թրամփ կը նախընտրէ անոր հետ պատերազմի մէջ չմտնել, ի տարբերութիւն Նեթանիահուի, որ կը փորձէ Իրանի մէջ վարչակարգը փոխել, երբ Միացեալ Նահանգներ ատիկա իրագործելու կարողութեան նկատմամբ հաւատքը կորսցուցած են:
Ան նաեւ աւելցուց, որ ներկայիս ընթացող Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները լուրջ են:
Անդրադառնալով Լիբանանի պատերազմին մէջ մուտք գործելու հաւանականութեան` Շենքըր յայտնեց, որ այդ որոշումը կախեալ է Հըզպալլայէն եւ անոր ձեռքն է:
Ան ըսաւ, որ կուսակցութիւնն է, որ Լիբանանը նախորդ անգամներուն պատերազմի մէջ ներքաշեց:
Շենքըր եզրափակեց նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու միջանկեալ ընտրութիւնները շրջանի կացութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենան, որովհետեւ անոնք ներքին ընտրութիւններ են:


