Իսրայէլացի գործարար, «Մելլանոքս Թեքնոլոճիզ» ընկերութեան հիմնադիր Էալ Ուալտման պնդեց, թէ շրջանին մէջ Իսրայէլի յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերու ծիրին մէջ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ անձերու հետ հաղորդակցելու արտօնութիւն ստացած է:
Ան չյստակացուց, թէ ո՛ր կողմը իրեն այդ արտօնագիրը տուած է կամ ճիշդ որո՛ւ հետ պիտի հաղորդակցի:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ուալտման Թել Աւիւի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ «Պըրթրայթ Իզրայէլ»-ի կազմակերպած Համաշխարհային գործառնութեան վեհաժողովի ընթացքին ըսած է. «Նաեւ աշխատանք կը տանինք Ծոցի երկիրներու, այլ կողմերու եւ պաղեստինցիներու հետ, եւ նպատակը ոչ միայն Իսրայէլին տնտեսական մակարդակի վրայ օգնելն է, այլ նաեւ աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ»:
Ան նշած է, որ Իսրայէլի իր դրացիներուն հետ ունեցած տարակարծութիւնները կարելի է դիւանագիտութեան ճամբով լուծել:
«Մենք կարիքը ունինք Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ հարցերը լուծելու, եւ ատիկա հաստատօրէն կարելի է», շեշտած է Ուալտման:


