. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Ամերիկացի նախկին դիւանագէտ մը, որ լիբանանեան կարեւոր թղթածրարներու մէջ կարեւոր դեր խաղացած է, իր տխրութիւնը յայտնած է Լիբանանի եւ երկրին մեծ առիթ մը կորսնցնելուն համար, որմէ կարելի էր օգուտ քաղել նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան ժամանակաշրջանին` ներքին ապահովութեան եւ կայունութեան զգալի յառաջընթացի հասնելու համար»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Աղբիւրներ կը խօսին զինուորական նախապատրաստութիւններու մասին, որոնք անպայման Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումի նախկին փուլերուն նման չեն` օգտագործուած զէնքի բնոյթի, տեղակայման վայրերու եւ գործողութիւններու նպատակներու փոփոխութիւններու առումով: Բայց եւ այնպէս, հարցը այն է, թէ պատերազմի որեւէ նոր փուլ, եթէ տեղի ունենայ, Լիբանանը ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի ձգէ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախարար մը շրջանային եւ միջազգային բանակցութիւններուն առնչուած մայրաքաղաք իր կարճատեւ այցելութենէն ետք արտասահմանէն վերադարձաւ յոռետեսական հայեացքներով, որովհետեւ իրեն հետ հանդիպած պաշտօնատարներէն լսեց, թէ պատերազմի հաւանականութիւնը այժմ կը գերազանցէ դիւանագիտական ուղիներով համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւնը»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Դիւանագիտական շրջանակներու մէջ կը շրջանառուի այն միտքը, թէ Լիբանանի նկատմամբ մտահոգութիւնը Իսրայէլի կողմէ մագլցումով չէ սահմանափակուած, այլ` անկէ անդին կ՛անցնի: Գոյութիւն ունի մտավախութիւն, որ Լիբանանը յայտնուի շրջանային համաձայնութենէն դուրս, եւ անոր անվտանգութեան ու ապագային վերաբերող ճակատագրական որոշումները տրուին առանց բանակցային սեղանին անոր գործօն ներկայութեան:
«Այս գնահատականին համաձայն, աւելի մտահոգիչ է այն կարելիութիւնը, որ հետագային Լիբանանի պետութենէն պահանջուի զբաղիլ այն փոխըմբռնումներու արդիւնքներով, որոնց մշակման ան չէ մասնակցած»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ փորձագէտ մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած է, որ Իսրայէլի զինուորական հաշիւները շրջանցած են պարզապէս ներկայ դիրքերու պահպանումը, եւ կը շրջանառուին հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքայի մէջ դէպի նոր տարածքներ յառաջխաղացման մասին բեմագրութիւններ, մինչդեռ ներխուժման հաւանական դադրեցման տարածքին շուրջ անորոշութիւն կայ:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները կառչած են Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարի Արդարադատութեան խորհուրդին չփոխանցուելուն պարագային նախարարաց խորհուրդի նիստերը պոյքոթի ենթարկելու իրենց դիրքորոշումին»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ», մէջբերելով քաղաքական աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ արտաքին հոգատարութեան շրջանակի նահանջը ոչ միայն քաղաքական բաց պիտի ստեղծէ, այլ անոր հետեւանքները պիտի անդրադառնան անվտանգութեան իրավիճակին եւ ներքին կայունութեան վրայ, յատկապէս` գոյութիւն ունեցող հաւասարակշռութիւններու փխրունութեան լոյսի տակ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախարարական պատուիրակութեան Սուրիա այցելութիւնը սովորական է, եւ քննարկումները սահմանափակուեցան թեքնիք կողմերով, որոնք նախարարներու մասնագիտութիւններու ծիրին մէջ են: Գոյութիւն ունի արծարծուած հարցերուն հետեւելու համար միացեալ յանձնախումբեր կազմելու ուղղուածութիւն մը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Սուրիական կողմը խնդրեց սահմաններուն վրայ ապահովութեան վերահսկողութեան առնչութեամբ խստութիւն ցուցաբերել, իսկ Լիբանան խնդրեց տեղահանուածներու արժանապատիւ վերադարձի ծրագիր մշակել, սակայն սուրիական կողմը անգամ մը եւս խնդրեց սպասել, մինչեւ Սուրիոյ ներքին կացութեան հասունացումը»:
. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «Կառավարական գերատեսչութիւններու պաշտօնեաները ստացած են յստակ ցուցմունքներ անյապաղ ուժեղացնելու լումայափոխման շուկայի եւ արտասահմանէն ու սահմանէն ներս դրամներու փոխադրութեան հսկողութեան քայլերը` դրամներու լուացումն ու միջազգային պատժամիջոցներու տակ գտնուող հաստատութիւններու ֆինանսաւորումը զսպելու համար»:
. ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութենէն վարչական աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Նախագահական պալատը, վարչապետարանն ու խորհրդարանը պարտքեր չունին»:
. «ԺԱՏԻՏ». «Ճիշդ չեն շրջանառուող այն տեղեկութիւնները, թէ վարչապետարանի ելեկտրականութեան մատակարարումը ընդհատուած է: Բոլոր չվճարուած գումարները փոխանցուած են ելեւմուտքի նախարարութեան»:
. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Պետական հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան ընկերութեան ունեցած պարտքերը շրջանցեցին շուրջ կէս միլիառ տոլարը, որ կուտակուած է անցնող տարիներու ընթացքին»:
. ՍԻՒՆՆԻ լաւատեղեակ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ աւելի շուտ, քան շատերը կը կարծեն` նոր նախագիծով եւ նոր կերպարով, որ պիտի վերականգնէ լիբանանեան կառոյցին մէջ սիւննիներու դերն ու դիրքը, այն բանէն ետք, երբ շատերը Մուսթաքպալ հոսանքի բացակայութիւնը նկատեցին վերջնական, ինչ որ հերքուեցաւ Պէյթ Ուասաթի դռները բանալով` իր յստակ ուղերձով, որ սիւննիական քաղաքական ներկայացուցչութեան համար պայքարը տակաւին չէ աւարտած»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանցի անձնաւորութիւններ Անգարայի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն հետաքրքրուեցան Լիբանանի մէջ սիւննի ղեկավարութեան իրավիճակին, մասնաւորաբար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մասին: Անոնք պատասխան ստացան, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Հարիրիի նկատմամբ «յատուկ համակրանք ունի», որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ անոր եւ Պէյրութի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարութեան հետ տեւական կապի պահպանման համար թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն իր տուած յանձնարարութեան մէջ:
«Քննարկումը այլ ուղղուածութիւն ստացաւ, երբ անդրադարձ կատարուեցաւ Հարիրիի Պէյրութ վերադառնալու եւ իր քաղաքական գործունէութիւնը վերականգնելու կարելիութեան: Թուրքիան այս հարցին մէջ չ՛ուզեր Սէուտական Արաբիոյ հետ ճակատումի մէջ մտնել եւ իր դիրքորոշումը կը կապէ ինքնին Հարիրիի որդեգրելիք որոշումին. եթէ Հարիրի հակառակ Ռիատի ընդդիմութեան որոշէ Պէյրութ վերադառնալ եւ իր քաղաքական ու ժողովրդային ներկայութիւնը վերականգնելու աշխատանք տանիլ, Անգարան անոր հետ հաղորդակցութեան մակարդակը պիտի բարձրացնէ»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ախպար» օրաթերթին. «Անհրաժեշտ է արագացնել Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դատավարութիւնը եւ հրապարակել ամբաստանագիրներ, որոնք կը վճռեն անոր իրաւական կարգավիճակը` ըլլայ այդ կալանաւորման շարունակման կամ ճամբորդութեան արգելքով ազատ արձակումով: Հետաքննութիւնը արագացնելու պատճառը Սալամէի առողջական վիճակին մասին զեկուցում մըն է»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Նախարարուհի մը լիբանանեան արտադրութիւններու ցուցադրութեան հասնելէ ետք հարցուց, թէ ո՛ւր է նախարարներուն յատուկ մուտքը` փորձելով խուսափիլ մնացեալ այցելուներու եւ մասնակիցներու մուտքէն անցնելէ»:
. ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ապտելռահման Մարքպաուի «Սաութ Լուպնան»-ին. «Հիւանդը պէտք է տեղական բարձր որակի դեղը սպառէ եւ խուսափի մաքսանենգուած կամ մերձակայ երկիրներէն գնուած դեղերը օգտագործելէ: Ազգային դեղերու գործակալութեան տեսլականը յոյսի շող մը կը ներկայացնէ»:
. ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին 95 օքթան պենզինին համար որդեգրուած իբրեւ փոխադրածախս ճշդեց 2.757.677 լ.ո.-ն:


