Լիբանանեան

Պըզրի. «Իսրայէլ Կը Կիրարկէ  Հրկիզուած Հողի Քաղաքականութիւն»

Պըզրի. «Իսրայէլ Կը Կիրարկէ Հրկիզուած Հողի Քաղաքականութիւն»

«Իսրայէլ  կը կիրարկէ հրկիզուած հողի քաղաքականութիւն», յայտարարեց երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրի երէկ` անդրադառնալով Լիբանանի գծով Իսրայէլի որդեգրած քաղաքականութեան:  Պըզրի նշեց, որ Իսրայէլ կը գտնուի նախընտրական փուլի մէջ եւ կ՛ուզէ Լիբանանի հետ իր հարցը օգտագործել իբրեւ ընտրական խաղաքարտ` դիտել տալով, որ պէտք է սպասել մինչեւ այդ ընտրութեան արդիւնքներն ու կացութեան յստակացումը: Պըզրի յիշեցուց, թէ Իսրայէլ կը հրկիզէ իր տիրապետած լիբանանեան հողատարածքները`...

Շարհ. «Աշխատանք Կը Տանինք Կարելի Եղածին Չափ Լիբանանեան Կառավարութեան Օգնելու»

Շարհ. «Աշխատանք Կը Տանինք Կարելի Եղածին Չափ Լիբանանեան Կառավարութեան Օգնելու»

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նիստի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յիշեցուց. «Կոլանը ՄԱԿ-ի որոշումներուն համաձայն սուրիական հող է, եւ ատիկա քննարկելի չէ»: «Կրնանք կարիքը ունենալ միջազգային յանձնախումբի մը` քննարկելու համար Իսրայէլի ապահովական մտավախութիւնները, եւ իսկական մտավախութիւններն ու պատկերացումները զատորոշելու», ըսաւ ան: «Ապահովական դասաւորումներ քննարկելէ առաջ, Իսրայէլէն կը պահանջենք հեռանալ դէպի այն շրջաններ, որոնք 1974-ի...

Միւֆթի Տրիան. «Լիբանանի Մէջ Կայունութիւն  Պիտի Չըլլայ, Եթէ Նախագահ Չընտրուի  Եւ Արդիւնաւէտ Կառավարութիւն Չկազմուի»

Ըստ «Ախպար»-ի. Տար Ֆաթուան Մերժած Է Թրքական Դիւանագիտական Պատուիրակութեան Մը Միւֆթի Տրիանի Հետ Հանդիպումի Ժամադրութիւն Տալ

«Ախպար» օրաթերթը կը գրէ. «Հակառակ թրքական պետութեան լիբանանեան պետութեան ղեկավարներուն հետ բաց դռներու քաղաքականութիւն վարելուն, թուրք պաշտօնատարները մինչեւ հիմա չյաջողեցան Տար Ֆաթուայի հետ իրողական յարաբերութիւններ մշակել` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի այդ հարցին նկատմամբ խանդավառ չըլլալուն պատճառով: Դիտորդներ այդ կեցուածքը կը վերագրեն, Սէուտական Արաբիան չգրգռելու անոր նախանձախնդրութեան հաւանականութեան»: «Ախպար»-ի տեղեկութեան համաձայն, Տար Ֆաթուան վերջերս մերժած է ժամադրութիւն ճշդել մարդասիրական օժանդակութեամբ...

Դեսպան Պաղտասարեան Այցելեց Նախարար Զէյնի

Դեսպան Պաղտասարեան Այցելեց Նախարար Զէյնի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերին այցելեց Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարար դոկտ. Թամարա Զէյնի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան նախապատրաստական աշխատանքները «Առաջնորդներ յանուն բնութեան» վեհաժողովին, որ նախատեսուած է 15 եւ 16 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ, Կենսաբազմազանութեան մասին ուխտի կողմերու 17-րդ ընդհանուր ժողովի` ՔՈՓ17-ի ծիրին մէջ: Նախարար Զէյն վեհաժողովին ընթացքին պիտի ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը`...

Ռաատ. «Հըզպալլան Կ՛ուզէ, Որ Նախագահը Կառավարէ  Սահմանադրութեան Բնագիրին Եւ Ազգային  Համաձայնութեան Փաստաթուղթին Համապատասխան  Ու Պահպանէ Ազգային Միասնականութիւնը»

Ռաատ. «Հըզպալլան Կ՛ուզէ, Որ Նախագահը Կառավարէ Սահմանադրութեան Բնագիրին Եւ Ազգային Համաձայնութեան Փաստաթուղթին Համապատասխան Ու Պահպանէ Ազգային Միասնականութիւնը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ «Մուտուն»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պետութիւնը մեղադրեց «գերիշխանութիւնը մսխելու եւ բռնագրաւումը օրինականացնելու» յանցանքով` աւելցնելով, որ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեան դիմելու անոր «սայթաքումը» «ամօթ է եւ թշնամիին կու տայ հնազանդութիւն ու զիջումներ, որոնց մասին ան երբեք չէր կրնար երազել»: Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ Հըզպալլայի յարաբերութեան` Ռաատ ըսաւ, որ կուսակցութիւնը նախագահէն կ՛ուզէ, որ «կառավարէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը մերժեն ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը ներկայ տեսքով նոյնիսկ կարճ ժամանակով երկարաձգելը, եթէ մտադրութիւնը նոյն ուժերն ու նոյն լիազօրութիւնները պահելն է: Կը պահանջուի փոփոխութեան ենթարկել առաքելութեան բնոյթը, անոր գործունէութեան մեթոտները եւ լիազօրութեան սահմանները»: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «փորձնական շրջաններու քննարկումը գործնականին մէջ վերջ գտաւ, եւ փորձին մահը գուժուեցաւ, երբ ան...

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ վերջինս  իր ուրախութիւնը կը յայտնէ 21 յուլիսին Սպիտակ տան մէջ նախագահ Աունը ընդունելուն համար եւ իր հիացմունքը կը յայտնէ ներկայ փուլին անոր Լիբանանի ղեկավարութեան նկատմամբ: «Պատիւը ունէի ձեզ Սպիտակ տան մէջ ընդունելու` բառին բուն իմաստով պատմական այցելութեան մը ընթացքին, որ շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր լիբանանեան...

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, որ յայտնեց, որ Թուրքիան լիբանանցի ժողովուրդի կողքին կը կանգնի եւ կը շարունակէ մարդասիրական օժանդակութիւն ու բժշկական աջակցութիւն տրամադրել: Էրտողան նշեց, որ կարիքը կայ միջազգային նախաձեռնութեան մը, որ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի այլընտրանքը ըլլայ: Սալամ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի հետ`...

Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երկուշաբթի կէսօրէ ետք, իր որդիին` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ընկերակցութեամբ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի եւ շրջանի վերջին զարգացումները: Ժոմպլաթ իր նոր գիրքէն` «Այս մերձաւոր Արեւելքին մէջ ճակատագիր մը` քաղաքացիական պատերազմէն մինչեւ անկարելի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՐԺԱՆԹԻՆՑԻ դատաւոր Տանիէլ Ռաֆեքաս եօթը իրանցիներ ու լիբանանցի մը պաշտօնապէս ամբաստանեց 1994 թուականին Պուէնոս Այրեսի մէջ հրէական «Ամիա» միութեան կեդրոնի ականահարման մեղսակցութեան կասկածանքով: «Յարձակումին որոշումը օգոստոս 1993 թուականին տրուեցաւ իրանեան վարչակարգի բարձրագոյն մակարդակով, եւ անոր գործադրութիւնը վստահուեցաւ Հըզպալլային», նշեց ան: . «ՄՈՒՏՈՒՆ». «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ վարչապետ Սալամի եւ Իրանի նախագահին միջեւ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որ...

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը հողը ազատագրելու միակ ուղին է, եւ մնացեալ բոլոր ուղիները ժամանակի կորուստ են»: «Մենք Լիբանանի մէջ դիմադրութեան ուղին ուղղակի կերպով փորձեցինք եւ տեսանք, թէ այդ ընտրանքը հողն ու մարդը կ՛ազատագրէ», նշեց ան: «Թշնամիին հետ զինուորական համազօրութիւն բացարձակապէս չկայ, սակայն գիտենք, թէ իրաւունքի եւ հողի տէր ենք եւ պէտք է ամէն գնով դիմադրենք», ըսաւ...

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օր «Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներու» հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին նշեց. «Խաղաղութիւնը իրաւունքէն զիջում չէ, որովհետեւ կը կառուցուի կամքով, քաջութեամբ, արդարութեամբ եւ իրաւունքին կառչելով»: «Հասարակական պաշտօնը, եթէ ծառայութեան համար չէ, տիրապետման կը վերածուի, եւ քաղաքականութիւնը, եթէ մարդոց ծառայութեան համար չէ, բաժնեմասերու շուրջ տեւական պայքարի կը վերածուի», ըսաւ ան: «Լիբանանը այսօր կարիքը ունի պետական այրերու, որոնք հայրենիքը իրենց դիրքերէն վեր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «վարչապետ Սալամ Նիւ Եորք իր այցելութեան ընթացքին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանելիք խօսքին մէջ եւ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի փոխանցէ Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթին կառչելու Լիբանանի դիրքորոշումը եւ վերահաստատէ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրները գործադրելու պետութեան վճռակամութիւնը»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «ՖԻՆԻՒԼ-ին այլընտրանքային եւրոպական ուժի մը փոխարինման ընտրանքը տակաւին ամէնէն շատ առիթը ունի, եւ Ֆրանսան ու Իտալիան...

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ անդրադարձաւ երկրի. մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, ուր հարաւային գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու վրայ իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին: Նախագահը վարչապետը տեղեակ պահեց Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ իր հանդիպումներու եւ բանակի ու ներքին ապահովութեան ուժերու աջակցութեան միջազգային...

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա նշեց, որ մասնակցած է Փարիզի մէջ Յորդանանի եւ ֆրանսական կառավարութեան հիւրընկալած խորհրդաժողովին, որ կեդրոնացած է Լիբանանի մէջ ապահովական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ անոնց մարմիններուն ու կարողութիւններուն երկարատեւ աջակցութեան վրայ: «Բոլոր գործընկերներուն համար լաւ առիթ էր գաղափարներու փոխանակման համար եւ համակարգելու լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն տրամադրուելիք աջակցութիւնը», ըսաւ դեսպանը: «Մենք տակաւին յանձնառու ենք...

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

«Երկաթուղիներու եւ միացեալ փոխադրամիջոցի վարչութիւնը» հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ լիբանանեան եւ սուրիական թեքնիք պատուիրակութիւններ հանդիպումներ եւ գետնի վրայ ստուգումներ կատարած են` հետեւելու երկու երկիրներուն միջեւ երկաթուղիները վերամիացնելու եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստը սուրիական երկաթուղային ցանցին միացնելու նախագիծերուն: Այդ հանդիպումները տեղի ունեցած են 25 օգոստոսին Դամասկոսի մէջ Լիբանանի հանրօգուտ շինութիւններու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի եւ Սուրիոյ փոխադրամիջոցի նախարար դոկտ....

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Փարիզի մէջ բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական ժողովի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Քանատայի եւ շարք մը արեւմտեան պետութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները բաւարարուեցան դիտարկումներ կատարելով` խոստանալով իրենց պետութիւններուն զեկուցումներ ներկայացնել, առանց խորհրդաժողովի որեւէ թուական ճշդելու»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը դիտաւորեալ կերպով յստակ ուղերձ յղեց այն երկիրներուն,...

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

Երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերու աջակցութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական ժողովը` մասնակցութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին: Նախագահ Աուն նշեց, որ լիբանանցիներուն մօտ գոյութիւն ունի յստակ կամք վերակառուցելու պետութիւնը, վերականգնելու անոր հաստատութիւններուն դերակատարութիւնը եւ երկրին կարիք ունեցած բարեկարգումները կատարելու, «ինչ որ հոլովոյթ մըն է, որուն պետութիւնը իր բոլոր...

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Աքապայի նախաձեռնութեան ծիրին մէջ բանակի եւ ապահովական ուժերու աջակցութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական ժողովի բացման նախօրեակին Էլիզէ պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին հաղորդեց նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը: «Նախագահներ Աունն ու Մաքրոնը քննարկեցին լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան բանակցութիւններուն եւ «շրջագծային համաձայնութեան» լոյսին տակ իսրայէլեան յարձակումներուն վերջ տալու համար թափուող ջանքերը», հաղորդեց գրասենեակը` նշելով. «Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն...

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

Փարիզի «Անվալիտ» պալատին մէջ գումարուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ եռակողմ ժողով մը: Եռակողմ հանդիպումը կեդրոնացած էր փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան եւ համակարգման բարելաւման մեքանիզմներուն վրայ: Քննարկումները նաեւ անդրադարձան Ֆրանսայի մէջ Աքապայի հոլովոյթի յաջորդ փուլի հանդիպումները հիւրընկալելու կարեւորութեան: Այդ հանդիպումները պիտի ուսումնասիրեն Լիբանանի բանակին աջակցելու ուղիները` Լիբանանի ժողովուրդի անվտանգութեան...

Page 7 of 985 1 … 6 7 8 … 985

Արխիւներ