Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար հինգ դեսպանատուներուն` Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Ճափոնի դեսպանատուներուն հրապարակած հաղորդագրութեան շուրջ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ անիկա «գռեհկութեան ու անամօթութեան գագաթնակէտ է` հաշուի առնելով լիբանանեան ներքին հարցերու մանրամասնութիւններուն միջամտելու անոնց աներեսութիւնը, առանց նկատի առնելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, արդարադատութեան անկախութիւնը, դիւանագիտական կանոնները կամ լիբանանցի ժողովուրդի արժանապատուութիւնը` հասնելով մինչեւ միջամտելու անոր ազգային ընտրանքներու ճշդման ու անոր քաղաքական ցուցմունքներու պարտադրման»:
Երեսփոխանը յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութեան այսպիսի իրերայաջորդ միջամտութիւններուն նկատմամբ աչք փակելն ու զանոնք բնական ու սովորական նկատելը մերժելի եւ ամբողջովին դատապարտելի են:
Ամմար նշեց, որ ազգային ու սահմանադրական պատասխանատուութիւնը Լիբանանի իշխանութեան կը պարտադրէ լուրջ ու իրողական քայլ կատարել եւ վերջ տալ այս խախտումներուն, որոնք կը խաթարեն Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հաստատութիւնները եւ բոլոր լիբանանցիներու հասցէին վիրաւորանքներ են, որոնց նկատմամբ կարելի չէ լուռ մնալ:


