Լիբանանեան

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի.  ՖԻՆԻՒԼ-ի Լիազօրութեան Ժամկէտի Աւարտէն  Առաջ Զայն Պահպանելու Ֆրանսական-Լիբանանեան  Ձգտում Գոյութիւն Ունի

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. ՖԻՆԻՒԼ-ի Լիազօրութեան Ժամկէտի Աւարտէն Առաջ Զայն Պահպանելու Ֆրանսական-Լիբանանեան Ձգտում Գոյութիւն Ունի

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը նշեց, որ Լիբանանն ու Ֆրանսան կը ձգտին երկարաձգել Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժի` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը, նախքան յառաջիկայ 31 դեկտեմբերին անոր աւարտը: Բրիտանական օրաթերթը, մէջբերելէ ետք իր տեսած նամակն ու լաւատեղեակ աղբիւրներ, կը գրէ, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած իր նամակին մէջ կը նշէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւնը դադրեցնելը վաղաժամ պիտի ըլլայ, եւ կոչ ուղղած է`...

Նախկին Նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի  Սպանութեան 44-Ամեակի Նշում

Նախկին Նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի Սպանութեան 44-Ամեակի Նշում

Երէկ երեկոյեան, «Պեշիր Ժեմայէլ» հաստատութեան կազմակերպութեամբ Էշրեֆիէի Սասին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նախկին նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի սպանութեան 44-ամեակի բազմամարդ նշումը: Ներկաներու շարքին էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Ոգեկոչման ձեռնարկին խօսք առնելով` նախկին նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի որդին` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլը յայտնեց, որ մեծ յուսախաբութիւն կայ պետութեան անկարողութենէն եւ բացակայութենէն` աւելցնելով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտարարեց. «Բանակցութիւններուն մէջ անել կացութեան եւ հաղորդակցութիւններու կամ խոստումներու ամլութեան հասանք: Մեզի կը մնայ հարաւային Լիբանանի ժողովուրդին օգնելու ծրագիր եւ դիմացկունութեան ներքին ծրագիր մշակել: Բա՛ւ է պատրանքներ ունենալ»: . ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպանները յառաջիկայ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում պիտի ունենան` քննարկելու եռակողմ շրջագիծին...

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»

Նշելով, Որ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Դադրեցաւ Գոյութիւն Ունենալէ. Պըրրի. «Կացութիւնը Վտանգաւոր Է, Եւ Բոլոր Լուծումները` Հեռու»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զգուշացուց Լիբանանի մէջ կացութեան վտանգաւորութենէն` նշելով, որ լուծումները տակաւին հեռու են: Ան ըսաւ, որ շրջագծային համաձայնութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ, իսկ լիբանանեան բանակը ոչ միայն լիբանանեան կառուցուածքի հիմնական յենասիւնն է, այլ` հիմնական կամուրջը: Պըրրի այս մասին յայտնեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսէյֆիի հետ կատարած եւ «Ժումհուրիա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութեան...

Դեսպան Բաղդասարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Դեսպան Բաղդասարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Դեսպան Բաղդասարեան նախագահ Աունին յանձնեց երկու նամակներ. առաջինը` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեանի կողմէ, որ կը պարունակէր Հայաստան այցելելու հրաւէր մը, իսկ երկրորդը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նամակ մը, որ կը ներառէր հրաւէր` մասնակցելու Երեւանի մէջ 23 յուլիսէն 1...

Պայրագտարեան. «Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութիւնը  Միայն Ախոյեանութիւններ Չէ, Այլ Նաեւ` Հայրենիքի Պատկերը»

Պայրագտարեան. «Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութիւնը Միայն Ախոյեանութիւններ Չէ, Այլ Նաեւ` Հայրենիքի Պատկերը»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու նախարար Ահմետ Հաժժարը եւ խորհրդարանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ անձնաւորութիւններու, դեսպանատուներու, մարմնակրթական ու սկաուտական միութիւններու ներկայացուցիչներու, տուին մամլոյ ասուլիս մը` յայտարարելու 15 սեպտեմբերէն 21 սեպտեմբեր նախարարաց խորհուրդին որդեգրած մարզական շաբթուան ծրագիրը: Պայրագտարեան յոյս յայտնեց, որ մարմնակրթութեան շաբաթը ազգային...

Ապտելաթի. «Անհրաժեշտ Է Թիւ 1701 Որոշումը  Ամբողջական Եւ Ոչ Ընտրովի Կերպով Գործադրել»

Ապտելաթի. «Անհրաժեշտ Է Թիւ 1701 Որոշումը Ամբողջական Եւ Ոչ Ընտրովի Կերպով Գործադրել»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի վերահաստատեց հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն Եգիպտոսի դատապարտումը` ընդգծելով. «Անհրաժեշտ է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջական եւ ոչ ընտրովի կերպով գործադրել, լիբանանեան պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածէ եւ զէնքի մենաշնորհում կատարուի, ինչ որ կը պահպանէ Լիբանանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»: Ապտելաթի շրջանային եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զեկուցումի ընդլայնուած նիստի ընթացքին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼ 1100 թոն պայթուցիկ նիւթերով պայթեցուց Ալի Թահեր բարձունքները: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի ձայնասփիւռ. «Իսրայէլեան ուժերը հեռացան Ալի Թահեր բարձունքներէն եւ տեղակայուեցան Շքիֆի շրջանին մէջ ետեւի դիրքերու վրայ: Մեր ուժերը Ալի Թահեր բարձունքները կրակային վերահսկողութեան տակ առած են, եւ Հըզպալլայի այդտեղ վերադառնալու որեւէ փորձի դէմ պիտի դնեն»: . ԻՍՐԱՅԷԼԻ պետական պատկերասփիւռ. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլը պիտի գումարուի...

Աուն. «Ժամանակն Է, Որ Պետութիւնը  Հարաւ Վերադառնայ»

Աուն. «Ժամանակն Է, Որ Պետութիւնը Հարաւ Վերադառնայ»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, որ նիստի սկիզբը նախարարներուն յայտնեց, որ երէկ հիմնաքարը դրուած է Պէյրութի նաւահանգիստի ընդլայնման, «եւ ասիկա բոլորին համար լաւ նախաձեռնութիւն մըն է, որուն նպաստեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարը, եւ կը յուսանք, որ այս նոյն ծիրին մէջ անոր յաւելեալ քայլեր հետեւին»: «Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ առաւելագոյն արագութեամբ...

«Կ՛աջակցինք Լիբանանեան Կառավարութեան  Յայտարարուած Նպատակին` Գերիշխանութեան  Ապահովման, Որ Լիբանանեան Բանակի  Պատասխանատուութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Ամերիկեան Դեսպանատունը

«Կ՛աջակցինք Լիբանանեան Կառավարութեան Յայտարարուած Նպատակին` Գերիշխանութեան Ապահովման, Որ Լիբանանեան Բանակի Պատասխանատուութիւնն Է» Կ՛ըսէ Ամերիկեան Դեսպանատունը

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նշեց. «Լիբանանցի ժողովուրդը ամէն օր յստակօրէն կ՛արտայայտէ իր նախընտրութիւնը յօգուտ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն, փոխան Հըզպալլայի զէնքին: Հարաւային Լիբանանը չի պատկանիր շրջանային կողմերու կամ միլիսներու»: «Միացեալ Նահանգները բարձր կը գնահատեն այդ հասարակութիւնները եւ կ՛աջակցին լիբանանեան կառավարութեան յայտարարուած նպատակին` գերիշխանութեան ապահովման, որուն գործադրութիւնը կը ստանձնէ լիբանանեան բանակը: Միացեալ Նահանգներ նաեւ կ՛աջակցին երաշխաւորելու, որ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումները...

Սահմանադրական Խորհուրդը Կը Հերքէ  Երեսփոխանական Ընտրութիւններու  Վիճարկումներուն Վերաբերող Լուրերը

Սահմանադրական Խորհուրդը Կասեցուց Համաներման Օրէնքի Կիրարկումը

Սահմանադրական խորհուրդը երէկ հրապարակեց թիւ 10/2026 որոշումը, որով կասեցուց համաներման եւ բացառիկ կերպով պատիժներու տեւողութիւնը կրճատող օրէնքի կիրարկումը: Որոշումը որդեգրուեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թանուս Մաշլապի նախագահութեամբ եւ խորհուրդի անդամ դատաւորներ Աուն Ռամատանի, Ահմետ Աքրամ Պաասիրիի, Ալպեր Սարհանի, Ռիատ Ապու Ղայտայի, Ֆաուզաթ Ֆարհաթի, Միշել Թարզիի, Էլիաս Մաշրիքանիի եւ Միրէյ Նաժըմի ներկայութեամբ գումարուած ժողովի ընթացքին, որմէ հիւանդութեան բանաւոր պատճառով կը բացակայէր դատաւոր...

Ֆատլալլա. «Ունինք Քաղաքական Ուղի Մը,  Որ Կապուած Է Իրանին, Եւ Անիկա Մեզի Համար  Քաղաքական Մակարդակի Վրայ  Հասանելի Միակ Տարբերակն Է»

Ֆատլալլա. «Ունինք Քաղաքական Ուղի Մը, Որ Կապուած Է Իրանին, Եւ Անիկա Մեզի Համար Քաղաքական Մակարդակի Վրայ Հասանելի Միակ Տարբերակն Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Այս բռնագրաւումին պիտի չարտօնենք մեր հողին վրայ մնալ, ինչ որ ալ ըլլայ անոր գինը, զոհողութիւններն ու մարտահրաւէրները: Անցեալին, այդպէս եղաւ 1978 թուականէն մինչեւ 2000 թուական, մասնաւորաբար սահմանային շրջանին մէջ, սակայն բռնագրաւումը անգամ մը եւս այդքան երկար պիտի չմնայ, եւ պիտի գայ ժամանակը, երբ այս հողը պիտի ազատագրենք ու վերաշինենք: Ասիկա մարտահրաւէր մըն...

Իզէտտին. «Լիբանանեան Իշխանութիւնը  Մեղսակից Է Լիբանանի Մէջ Որեւէ Տեղ  Թափուած Արիւնին»

Իզէտտին. «Լիբանանեան Իշխանութիւնը Մեղսակից Է Լիբանանի Մէջ Որեւէ Տեղ Թափուած Արիւնին»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Յստակ ոճիրները, որ իսրայէլացի թշնամին գործեց մեր ժողովուրդին դէմ Մանսուրիի, Զըպտինի, Քֆարթըպնիթի եւ մասնաւորաբար Քֆարրմանի մէջ, որոնց զոհերուն շարքին մանուկներ ու կիներ կան, պատասխանատուութիւնն է Լիբանանի իշխող քաղաքական իշխանութեան, որ ոչ իսկ խօսք մը ըսաւ տեղի ունեցողին առնչութեամբ, եւ մեղսակից կը նկատուի այս օրերուն թափուած այս արիւնին, ինչպէս նաեւ մեղսակից է արեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատը յայտարարեց, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աուն հրապարակած է դրամատուներու բարեկարգման, կացութեան եւ վերադասաւորման 10 սեպտեմբերի թիւ 71 օրէնքը, որ կը բարեփոխէ 14 օգոստոս 2025-ի թիւ 23 օրէնքը: . ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹ ցրուողներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա հերքեց պենզինին վրայ նոր տուրք հաստատելու մասին տարաձայնութիւնները եւ նշեց, որ պենզինին գինը ուրբաթ առաւօտեան շուրջ 30 տոլարի պիտի հասնի: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ....

Աուն. «Երբ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքին Վերջ Տալու  Կոչ Կ՛ուղղեմ` Ըսել Կ՛ուզեմ Վերջ Տալ  Պատերազմներուն, Որոնք Երկիրը Քանդեցին»

Աուն. «Երբ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքին Վերջ Տալու Կոչ Կ՛ուղղեմ` Ըսել Կ՛ուզեմ Վերջ Տալ Պատերազմներուն, Որոնք Երկիրը Քանդեցին»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ «Շապապ Լուպնան» շարժումի պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Լիբանան իր բոլոր զաւակներուն կը պատկանի, այդպէս է նաեւ անոր դրօշը, որուն հովանիին տակ են բոլոր լիբանանցիները, անիկա անոնց կրած ինքնութիւն է»: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ հաւատարմութիւնը բացառապէս անոր ըլլայ եւ ոչ թէ օտարերկրեայ ուժերուն, որոնց ոմանք կ՛օգտագործեն երկրին մէջ իրենց եղբայրներուն վրայ իշխանութիւն բանեցնելու...

Կառավարութիւնը Քննարկեց 2027  Թուականի Ամավարկի Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Քննարկեց 2027 Թուականի Ամավարկի Ծրագիրը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Թանգարանի շրջանի իր կեդրոնին մէջ գումարեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նախագահութեամբ նիստ մը, որ յատկացուած էր 2027-ի պետական ամավարկի քննարկման: Մինչ այդ, հանգստեան կոչուած զինուորականներ ձեռնարկեցին Պէյրութի եւ այլ կարգ մը շրջաններու մէջ ճամբաներ փակելու` պահանջելով իրենց ամսականներու սրբագրումը: Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց նպատակը «ճամբան փակելն ու քաղաքացիներուն նեղութիւն պատճառելը չէ, այլ արգելք հանդիսանալ, որ նախարարաց խորհուրդը ժողով...

«Թշնամիի Ճամբարին Կողմէ Որեւէ Նոր Սխալ  Կամ Յարձակում Կարծր Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»  Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

«Ներկայ Կացութեան Աւարտը Լիբանանէն Իսրայէլի Հեռացում, Եմէնի Շրջափակման Աւարտ Եւ Մեր Գումարներու Ազատում Կը Պահանջէ» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբեր գնդապետ Հիւսէյն Մահապի յայտնեց. «Եթէ իրանեան երկու կամ երեք թիրախներ յարձակումի ենթարկուին, թշնամիի 20 թիրախներ հարուածելով պիտի հակադարձենք»: «Մեր պայմաններէն մէկը այն է, որ Ուաշինկթըն դադրի մեր հիւլէական եւ հրթիռային կարողութիւններուն միջամտել», նշեց ան: Իրանի յեղափոխական պահակագունդի բանբերը նաեւ շեշտեց. «Ներկայ կացութեան աւարտը Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացում, Եմէնի շրջափակման աւարտ եւ մեր գումարներու ազատում կը պահանջէ»:

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի կացութեան` հարաւային շարք մը գիւղաքաղաքներու ու գիւղերու վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման լոյսին տակ: Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքացիները հանգստացնելու համար լիբանանեան բանակին բռնագրաւումի տակ չեղող գիւղերուն մէջ իր տեղակայումը ամրապնդելու քայլերուն, ինչպէս նաեւ պետական...

Կութիերես Կոչ Ուղղեց` Թշնամական  Արարքները Դադրեցնելու  Եւ Իսրայէլեան Ուժերը Հեռացնելու

Կութիերես Կոչ Ուղղեց` Թշնամական Արարքները Դադրեցնելու Եւ Իսրայէլեան Ուժերը Հեռացնելու

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես «խոր մտահոգութիւն» արտայայտեց` «հարաւային Լիբանանի, մասնաւորաբար Նապաթիէի եւ անոր մերձակայքին մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու մագլցման» նկատմամբ: Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքի յանուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Կութիերես դատապարտեց «թիւի աճը քաղաքային զոհերու, ներառեալ կիները եւ մանուկները, որոնք սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան մագլցում արձանագրող յարձակումներու հետեւանքով, եւ դատարկման հրամաններուն պատճառած տառապանքն ու տեղահանութիւնը, ինչպէս նաեւ հսկայական...

Մուսա. «Շիի Երկեակը Խորհրդակցութիւններուն Ընթացքին Ստացաւ Այն Պատասխանները, Որոնց Կարիքը Ունէր, Ուստի Աունը Նախագահ Ընտրեց»

«Լիբանանի Մէջ Լուծումի Հասնելու Համար Պէտք Է Ներքին Երկխօսութիւն Սկսի» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Եգիպտական աշխատանքը չդադրեցաւ, եւ ջանքերը կը շարունակուին կարգաւորելու համար տագնապը, որոնելու անոր ելքերը, ինչպէս նաեւ միջոցներ, որոնք կ՛օգնեն իսկական ու գործադրելի լուծումի հասնելու համար, սակայն շրջանային ու ներքին պայմանները չեն արտօներ նոր գաղափարներու ներկայացումը»: «Չափազանց մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցողին: Բոլոր կողմերուն մօտ...

Page 9 of 985 1 … 8 9 10 … 985

Արխիւներ