Վարչապետ Սալամ Ցաւակցութիւն Յայտնեց Սիսիին
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին` հիւսիսային Սինայի մէջ ահաբեկչական յարձակումի մը ընթացքին եգիպտացի զինուորներու սպանութեան առիթով: Վարչապետ Սալամ զօրակցութիւն յայտնեց Եգիպտոսի պետութեան եւ ժողովուրդին` հաստատելով իր այն համոզումը, թէ Եգիպտոս կրնայ շրջանցել ներկայ իրավիճակը եւ շարունակել իր բարգաւաճումը: Նշենք, որ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատը,...



















