ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք կը մնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածու` աւելցնելով, որ ինք իր թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչէ, իսկ վերջին խօսքը երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2016-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան նիստին կը պատկանի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Իրան եւ Հըզպալլա պատասխանատու են Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ տիրող սառած իրավիճակին: Նշենք, որ շաբաթավերջին Սինիորա նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեց երկրին քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի այցելեց Թրիփոլիի նաւահանգիստը, ուր հաստատեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչը Պաապտայի պալատ մուտք պիտի չգործէ` աւելցնելով, որ իրենք երկիրը Իրանին եւ սուրիական վարչակարգին պիտի չյանձնեն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի որոշած է հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին առաջադրել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան հիմնական թեկնածու է, եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ անոր թեկնածութեան որդեգրումը նախագահական ընտրութեան ընթացքը կրնայ փոխել, սակայն պահանջուածը բոլորին միջեւ համաձայնութեան գոյացումն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ ներկայիս հանրապետութիւնը փրկելու լաւագոյն թեկնածուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ժոմպլաթ որոշած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցիլ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ Նաուար Սահիլի եւ Քասեմ Հաշեմ մեկնեցան Թուրքիա` մասնակցելու համար Իսլամական գործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան գործադիր խորհուրդի ընդհանուր ժողովին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով լաւատեսութիւն կայ` աւելցնելով, որ իրենք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կեցուածքներուն մէջ դրական երեւոյթներ շօշափած են:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, դիմադրութիւն» սկզբունքը կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ որդեգրուելիք կարեւորագոյն կէտն է` աւելցնելով, որ այդ տարազը մերժողը ինքնաբերաբար չի կրնար ներկայանալ իբրեւ վարչապետի թեկնածու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի դառնայ, որովհետեւ Լիբանան յաւելեալ անորոշութիւն չի կրնար հանդուրժել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է իրենց ուժերուն վստահին, որպէսզի Լիբանանը չջնջուի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն կը պահանջուի ազգային շահերը գերադասել:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր եգիպտական պատուիրակութեան մը հետ քննարկեց Աղեքսանդրիոյ մէջ տեղի ունենալիք արաբական երկիրներու փոխադրութեան հարցերու նախարարներուն խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքին աշխուժացումը կարիքը ունի նոր համաձայնութիւններ գոյացնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ունենալու իր սեփական որոշումը եւ զայն վերստանձնելու Հըզպալլայէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ զուտ լիբանանեան որոշումով նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւն կայ` մաղթելով, որ այդ կարելիութենէն օգտուելու առիթը ստեղծուի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի արդէն իսկ որոշած է համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը որդեգրել` աւելցնելով, որ Հարիրի պարզապէս կ՛աշխատի այդ որոշումը յայտարարելու արարողութիւնը վերջնականացնելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Ֆաթթուշ յայտնեց, որ իրենց համոզումներուն մաս կը կազմէ այն իրականութիւնը, որ ազգային համերաշխութեան եւ ազգային միասնականութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ առանց նախապայմանի հանրապետութեան նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը երկար պիտի չտեւէ` աւելցնելով, որ իրենք հաւանական լուծում մը կը նախատեսեն նախքան հոկտեմբերի աւարտը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ իր կարծիքով` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի դիմէ այն քայլերուն, որոնք կը վայելեն Սէուտական Արաբիոյ հաւանութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք կ՛ապրին լաւատեսութեան շրջան մը, որ պիտի աւարտի նախագահական ընտրութեան թղթածրարի վերջնական լուծումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Եազպեք շեշտեց, որ սէուտական-ամերիկեան սպանդը ամբողջ մարդկութեան դէմ գործուած սպանդ մըն է:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիվ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմին աւարտը կը մօտեցնէ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծելիք Գ. պատերազմին հաւանականութիւնը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ արտակարգ զոյգերու կը վերածուին` Լիբանանի շրջանցած անկիւնադարձային բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, որ կառավարութիւնը երեք ժամուան մէջ կրնայ լիբանանցիներուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր լուծել: