Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, որոնց շարքին` լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ բանակին կարիքները: