Ռիֆի. «Կը Մերժենք Ունենալ Նախագահ Մը, Որ Կը Սպառնայ Ծոցի Երկիրներուն Մէջ Ապրող Հարիւր Հազարաւոր Լիբանանցիներու Շահերուն»
Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, որ մեղսակից է սուրիացի ժողովուրդին արիւնահեղութեան եւ արաբական աշխարհին մէջ յարանուանական գրգռութիւններու ստեղծման, կ՛ուզէ ինքզինք պարտադրել ամբողջ Լիբանանի վրայ, ինչ որ խիստ մերժելի է: Ռիֆի ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մասին սէյիտ Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւնները կը ներկայացնեն միայն անոր կեցուածքները, «որովհետեւ Սէուտական Արաբիա մեզի համար բարեկամ երկիր է...

















