
Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ անորոշութիւնը եղած է ու կը շարունակէ մնալ տիրական:
Ներկայիս անորոշութիւնը գլխաւորաբար նախագահական ընտրութեան թղթածրարին շուրջ կը կեդրոնանայ:
Այս առումով շրջանառութեան դրուած են բազմաթիւ լուրեր, որոնք կրնան տարբեր բեմագրութիւններ ըլլալ, սակայն հարցը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անոնք հակասական են եւ աւելի եւս կը պղտորեն քաղաքացիներուն դիմաց գծուած տեսարանները:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին առնուելիք քայլերուն մասին երէկ երեկոյեան ժամերուն շրջանառութեան մէջ դրուեցան տարբեր լուրեր, որոնց շարքին այն, որ Մուսթաքպալ հոսանքին մօտիկ աղբիւրներ հաղորդած են, թէ Հարիրի որեւէ ատեն կրնայ որդեգրել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ հաղորդուեցան նաեւ տեղեկութիւններ, թէ Հարիրի Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած է ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ, ինչպէս նաեւ այն, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ որոշ նախապայմաններով համաձայնութիւն յայտնած է զօր. Աունը նախագահ ընտրելու գաղափարին:
Միւս կողմէ, արձանագրուեցաւ նաեւ այն վարկածը, որ Հարիրի ոչինչ պիտի յայտարարէ` նախքան շօշափելի որոշ կեցուածքներու դրսեւորումը եւ ընդհանուր մթնոլորտի պատրաստութիւնը:
Թէեւ այս բոլոր տուեալները շփոթի կը մատնեն ընդհանուր կացութիւնը, սակայն այս շաբաթավերջին համար նուազագոյնը մէկ յստակ իրողութիւն կայ, եւ անիկա Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ դէպի Պաապտա կատարելիք կիրակի օրուան քայլարշաւն է` նշելու համար 13 հոկտեմբերի զոհերուն յիշատակը եւ պանծացնելու Ազգային ուխտին վրայ հիմնուած հանրապետութիւնը կերտելու տեսլականը:


