
Երէկ առաւօտեան կառավարութիւնը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն բացակայեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Վարչապետարանին մէջ գումարուած նիստին ընթացքին նախարարաց խորհուրդը քննարկեց 146 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ նիստին սկիզբը վարչապետ Սալամ վերահաստատած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու իր պահանջը` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը պէտք է գործադրել` համաձայն երկրին սահմանադրութեան:
Քազզի նշեց նաեւ, որ վարչապետ Սալամ կարեւոր նկատած է կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելը, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդին կարիքները հոգալ, ինչպէս նաեւ երկրին պետական պիւտճէն վաւերացնել ու զայն փոխանցել խորհրդարան:
Քազզի ըսաւ, որ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուցած է մշակոյթի նախարարութեան առաջարկը, որ 2 հոկտեմբերը հռչակուի Բռնութեան դէմ ազգային օրուան: Ան աւելցուց, որ այս որոշումը համախոհութեամբ գոյացաւ` նկատի ունենալով, որ բոլոր նախարարները կը մերժեն բռնութիւնը:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը որոշած է
հատուցել Արսալի երկրագործներուն կրած վնասները եւ այդ նպատակով կեռասի ցանքով զբաղող երկրագործներուն համար ճշդած է 10 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում:
Քազզի յայտնեց, որ կառավարութիւնը 2 միլիառ եւ 600 միլիոն լ. ոսկիի նպաստ յատկացուցած է նաեւ հաւեր բուծանողներուն:
«Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն տրամադրելու անոնց համար պահ դրուած գաղտնի գումարները», ըսաւ Քազզի` ընդգծելով, որ նախարարաց խորհուրդը բաւական լուրջ է իր յաջորդ նիստերուն ընթացքին վերջնական լուծումներ գտնելու պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հարցին:


