
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ եւ երեսփոխաններ Զիատ Ասուատ եւ Նեպիլ Նիքոլա, երէկ այցելեց Պիքֆայա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ, ներկայութեամբ` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը եւ լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող շարք մը այլ հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները ներկայացուցած է Ժեմայէլին` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին առումով շարք մը հարցեր ու դժուարութիւններ լուծուած են եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մօտիկ ապագային կրնայ նախագահ ընտրուիլ, սակայն Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն:
Ապու Սաապ շեշտեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ փոխըմբռնում գոյացնելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով իրենք ցարդ վերջնական որոշում չունին:
«Մեզի համար ժողովրդավարութիւնը հիմք է, եւ բոլորին յաջողութիւն կը մաղթենք այս առումով: Նախագահական ընտրութեան նիստին կրնանք մասնակցիլ սպիտակ թուղթով կամ երրորդ թեկնածուով եւ կամ օրին կրնանք որոշ համաձայնութիւններ գոյացնել: Վերջնական որոշում չունինք», ըսաւ ան:


