
Երէկ յետմիջօրէին Աշքութի մէջ պատահեցաւ ահաւոր ոճիր մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան չորս զոհեր:
Ըստ Աշքութի փոխքաղաքապետ Ժոզեֆ Ֆահտի, ապահովական այս միջադէպին պատճառը շուներ էին, որոնք երկու դրացիներու միջեւ բռնկեցուցած էին խնդիրներ:
Իր դրացիները սպաննող յանցագործը` Թոնի Ապպուտ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու անդամ է: Ան ոճիրը գործելէ ետք անձնատուր եղած է Ռէյֆունի ոստիկանատան:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին Լեռնալիբանանի ընդհանուր դատախազը հասաւ դէպքին վայրը, որ Աշքութի ոստիկանատան կից գտնուող շէնքն է:


