Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին` հիւսիսային Սինայի մէջ ահաբեկչական յարձակումի մը ընթացքին եգիպտացի զինուորներու սպանութեան առիթով:
Վարչապետ Սալամ զօրակցութիւն յայտնեց Եգիպտոսի պետութեան եւ ժողովուրդին` հաստատելով իր այն համոզումը, թէ Եգիպտոս կրնայ շրջանցել ներկայ իրավիճակը եւ շարունակել իր բարգաւաճումը:
Նշենք, որ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատը, ընկերակցութեամբ` Ամալ շարժումի քաղաքապետարանական հարցերու պատասխանատու Պասսամ Թլայսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիթանի գետի ապականումին վերաբերող հարցեր. անոնք վարչապետը տեղեակ պահեցին 23 հոկտեմբերին Լիթանի գետին պահպանման ազգային օրուան առիթով որդեգրուելիք միջոցառումներուն մասին: