Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նշեց, որ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան, պիտի մնայ տեղքայլի մէջ, որովհետեւ լիբանանեան ներքին բարդ ազդակներն ու շրջանային բարդ զարգացումներուն վերաբերող արտաքին տուեալները իրարու հետ կը խաչաձեւուին:
Ազըմ հոսանքի տարբեր միաւորներուն կազմակերպած հանդիպում-զրոյցին ընթացքին իր կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին Միքաթի նշեց, որ նախապէս նախագահական թափուր աթոռի դրութեան կացութեան փորձառութիւնը ապրած են եւ գտնուած ստիպողական լուծումներու դիմաց, որոնք իրենց կարգին հետեւանքներ ունեցած են երկրին սահմանադրական կեանքին վրայ:
«Ես տակաւին համոզուած եմ, որ Լիբանանի ներկայ սահմանադրութիւնը, որուն հիմքը Թաէֆի համաձայնագիրն է, կը մնայ լաւագոյնը, պայմանով որ անոր գործադրութիւնը ամբողջական ըլլայ եւ ոչ թէ մասնակի: Այդ սահմանադրութիւնն է, որ նկատի կ՛ունենայ լիբանանեան կառուցուածքին իւրայատկութիւնները եւ Լիբանանը կազմող բոլոր հատուածներուն մտահոգութիւններն ու անոնց պահանջները: Հետեւաբար կարգ մը նախկին հարցերու շուրջ պէտք է համաձայնինք, որպէսզի այդ համաձայնութիւնները աւարտին նախագահական ընտրութեամբ: Այդ համաձայնութեան մէջ նախ եւ առաջ պէտք է տեղադրել Թաէֆի ամբողջական գործադրութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ մշակուելիք ընթացագիծը, որ կ՛ենթադրէ քաղաքական համայնքայնութեան ջնջումը, հեռու մնալով համայնքային հիմքերէն` Թաէֆին համապատասխանող ազգային հիմերու վրայ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը, որուն վաւերացումը կարելի է ապահովել նախագահական ընտրութենէն ետք, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին վարչական ապակեդրոնացումի դրութեան որդեգրումն ու բանեցումը», ըսաւ ան:
Միքաթի դիտել տուաւ, որ անուններու խաղով տարուելու փոխարէն, անհրաժեշտ է համաձայնիլ այդ սկզբունքներուն շուրջ եւ ապա ճշդել հանրապետութեան յաջորդ նախագահին արժանիքները: «Միայն այդ պարագային է, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը կը դիւրանայ եւ անոր մանրամասնութիւնները յստակ կը դառնան բոլորին», ըսաւ ան:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն անդրադառնալով` Միքաթի յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ տակաւին բաւարար ժամանակ կայ այդ ընտրութիւններուն կայացման հարցը վերջնականացնելու:
Ընտրական օրէնքին մասին Միքաթի ըսաւ. «Կը մաղթեմ, որ ընտրական օրէնքը բառին բուն իմաստով արդիական ըլլայ: Սակայն տեղի ունեցող խորհրդակցութիւնները կ՛ենթադրեն 1960-ի ընտրական օրէնքին պահպանումը կարգ մը ոչ էական բարեփոխումներով»: